2017-07-31 07:43:00

Տեղի ունեցաւ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը


Յուլիս 28-ին ԵՊՀ մշակոյթի կեդրոնի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Ծրագիրն իրականացուեցաւ ԵՊՀ հետ համատեղ:

Կազմակերպուեցան դասընթացներ հետեւեալ հինգ ուղղութիւններով` հայոց լեզուի արագացուած ուսուցում, հայոց լեզուի ուսուցիչներու եւ կրթական գործի կազմակերպիչներու վերապատրաստում, երիտասարդ լրագրողներու վերապատրաստում, ազգային երգի խմբավարներու եւ պարուսոյցներու վարպետութեան դասընթացներ, երիտասարդ առաջնորդներու եւ համայնքային գործի կազմակերպիչներու դասընթացք:

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը մասնակիցներուն փոխանցեց նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան` կարեւոր համարելով «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի դասընթացներու դերը հայապահպանութեան աջակցելու գործին մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ԵՊՀ պրոֆէսորադասախօսական կազմին` դասընթացները մեծ պատասխանատուութեամբ եւ բարձր մակարդակով կազմակերպելու համար եւ նշեց, որ դպրոցի նպատակներէն մէկը օտար ափերու վրայ տարբեր մշակոյթներու ազդեցութեան պայմաններուն մէջ գործող  սերունդներուն հայ պահելն է: «Դպրոցի 3 դասընթացներն աւարտուել են յուլիսի 14-ին, այսօր աւարտուեց Հայոց լեզուի արագացուած ուսուցման դասընթացը, որին մասնակցեց շուրջ 120 սփիւռքահայ` 22 երկրից եւ Հայոց լեզուի ուսուցիչների եւ կրթական գործի կազմակերպիչների  վերապատրաստման դասընթացը, որին մասնակցեց 58 սփիւռքահայ` 20 երկրից: Սիրելի՛ մասնակիցներ, դուք ձեռք բերեցիք նոր գիտելիքներ ու հմտութիւններ: Ձեր ամենամեծ ձեռքբերումներից մէկը նոր ընկերներն են: Նոր կապերն ու յարաբերութիւնները աստիճանապար ձեւաւորում են ազգային զօրաւոր ցանց, որը պէտք է դառնայ հայապահպանութեան երաշխաւորներից մէկը»:

Ներկաներուն ողջունեց «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի իրականացման ԵՊՀ պատասխանատու Մհեր Յովհաննիսեան: Ան նշեց, որ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ ԵՊՀ համագործակցութիւնը արդիւնաւէտ է եւ դպրոցը տարիէ տարի կը գրանցէ նորանոր յաջողութիւններ:

Շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ Հայոց լեզուի ուսուցիչներու եւ կրթական գործի կազմակերպիչներու  վերապատրաստման դասընթացքի մասնակից Աստղիկ Լագզեան (Ռուսաստան)` նշելով. «Սփիւռքի նախարարութիւնը եւ համալսարանը շնորհակալ աշխատանք կ’իրականացնեն: Գիտելիքներու ողջ պաշարը, որ կը տանինք մեզի հետ, պէտք է օգտագործենք` համայնքներուն մէջ հայապահպանութեան գործը լաւագոյնս կազմակերպելու համար: Ձեր կողմէ ներդրուած այս ջանքերը պէտք է հասնին նպատակին»:

Աստղիկ Լագզեան աւելցուց, որ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի Հայոց լեզուի արագացուած ուսուցման դասընթացքին մասնակցեցան նաեւ իր երկու զաւակները եւ այժմ ազատ կը գրեն, կը կարդան հայերէն, հաճոյքով կը կատարեն հայ ազգագրական եւ ժողովրդական երգեր:

ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալը եւ ծրագիրի իրականացման պատասխանատուն  հաւաստագիրներ յանձնեցին դպրոցի մասնակիցներուն:

Այնուհետեւ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի բոլոր ուղղութիւններու ներկայացուցիչները հանդէս եկան ազգային երգերու, պարերու կատարումներով, ասմունքեցին եւ ներկայացուցին իրենց ստեղծագործութիւնները, իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին նման կարեւոր ծրագիր կեանքի կոչելու համար:

2012-2017թթ. «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի դասընթացներուն մասնակցած է 1431 սփիւռքահայ: Իւրաքանչիւր տարի մասնակցած է նախատեսուածէն կրկնակի անգամ աւելի մասնակիցներ:

Ուսումնական, տեսական  եւ գործնական պարապմունքներուն զուգահեռ ծրագիրի մասնակիցներուն համար կազմակերպուեցան  մշակութային ձեռնարկներ, անոնք այցելեցին թանգարաններ, շրջագայեցին Հայաստանի տեսարժան վայրերով, հանդիպումներ ունեցան յայտնի մտաւորականներու, պետական եւ հասարակական գործիչներու հետ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.