2017-07-31 13:30:00

Սուրբ Իգնատիոս Տէ Լոյոլայի տօն. Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Իգնտաիոս Տէ Լոյոլայի ծիսական տօնին առթիւ, երկուշաբթի 31 յուլիս 2017-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ հրաւիրեց թոյլ տալ որ Յիսուս մեր Տէրը ներգրաւէ մեզ, եւ Անորմէ առաջնորդուած մերձաւորին ծառայութիւն մատուցենք։

''Սուրբ Իգնատիոսի նման թոյլ տանք որ Յիսուս` Տէրը, ներգրաւէ մեզ եւ Անորմէ առաջնորդուած մերձաւորի ծառայութեան տակ դնենք մենք զմեզ'', գրեց Սրբազան Քահանայապետը։

Իգնատիոս Տէ Լոյոլան Յիսուսեան միաբանութեան հիմնադիրն է։ Ան ծնած է հաւանաբար 24 դեկտեմբեր 1491-ին, Պելթրան տէ Լոյոլայի եւ Մարինա Սաէնս տէ Լիքոնայի բազմանդամ ընտանիքի յարկին տակ (13 եղբայրներ): Լոյոլա կը գտնուի Սպանիոյ Պասք երկրամասին մէջ։ Լոյոլա կը նշանակէ բարեբեր կալուած, կամ` առատութիւն, ճոխութիւն: Սուրբը հոգին աւանդած է 31 Յուլիս 1556-ին Հռոմի մէջ։

Յիսուսեան միաբանութիւնը քահանայապետական իրաւասութեամբ կրօնական հասարակութիւն մըն է հաստատուած Պօղոս Գ Քահանայապետի օրով` 27 սեպտեմբեր 1540 թուականին։

Յիսուսեան Միաբանութեան գաղափարը առաջին անգամ ի յայտ կու գայ 15 օգոստոս 1934-ին երբ Իգնատիոս եւ իրեն դասընկերները կը հանդիպին Փարիզի մէջ եւ աղքատութեան ու ողջախոհութեան ուխտ կը կատարեն, ունենալով որպէս կէտնպատակ մեկնիլ Երուսաղէմ եւ այնտեղ հաստատել իրենց առաքելութիւնը ինչպէս նաեւ առանց վերապահութեան հպատակիլ Սրբազան Քահանայապետի հրահանգներուն։ 
1537-ին անոնք Իտալիայ կը ժամանեն եւ Պօղոս Գ քահանայապետը զիրենք ընդունելով կը գնահատէ անոնց գործունէութիւնը եւ թոյլ կու տայ որ քահանայ ձեռնադրուին։ 1538-ի հոկտեմբերին առաջին միաբանները հռոմ կը վերադառնան վաւերացնելու համար նոր միաբանութեան սահմանադրութիւնը եւ 27 սեպտեմբեր 1540-ին ''Regimini militantis ecclesiae'' Քահանայապետական Կոնդակով Պօղոս Գ Քահանայապետը կը վաւերացնէ Յիսուսեան միաբանութեան ստեղծումը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.