2017-07-31 10:15:00

Լոյս տեսաւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ վերանորոգ կայքէջը։


(Ռատիօ Վատիկան) Այս օրերուն լոյս տեսաւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ վերանորոգ պաշտօնական կայքէջը։ Էջը ունի ինը ստորաբաժանումներ որոնցմէ առաջինին մէջ ներկայացուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հակիրճ  պատմականը։ Երկրորդ բաժինին մէջ ներկայացուած է հայկական ծէսը, շարականները, սուրբ պատարագն ու ծիսական օրացոյցը ապա երրորդ ստորաբաժանումին մէջ նշուած են սփիւռս աշխարհ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատկան թեմերը մինչ չորրորդ ստորաբաժանումը յատկացուած է հայ կաթողիկէ երեք միաբանութիւններուն` Զմմառու Հայ Կաթողիկէ Կղերի միաբանութիւն, Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութիւն եւ Մխիթարեան հայրերու Միաբանութիւն։ Հինգերորդ բաժինը յատկացուած է դպրեվանքերուն ապա վեցերորդը նուիրուած է հաստատութիւններուն (Վարժարաններ, որբանոց, բարեսիրական…) հուսկ ութերորդ ստորաբաժանումին մէջ նշուած են Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հրատարակութիւնները ապա կայ լուրերուն յատկացուած բաժին եւ Արխիւ։

Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի անձնակազմը կը շնորհաւորէ լոյս տեսած վերանորոգ կայքէջիս խմբագրութիւնը մաղթելով բեղուն ու պտղաբեր գործունէութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.