2017-07-30 14:00:00

«Յիսուս կեանքի իմաստ տուող փնտռուելիք գանձն է» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։


(Ռատիօ Վատիկան) «Յիսուս հիմնական յայտնաբերումն է որ կարող է վճռորոշ ազդեցութիւն ունենալ մեր կեանքին մէջ անոր տալով նշանակութիւն»։ «Ան թաքնուած գանձն է։ Ան արժէքաւոր մարգարիտ մըն է, որուն մասին կը խօսի Աւետարանը` Յուլիսի այս վերջին կիրակի օրուայ ընթացքին»։ Այս խօսքերով  է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մեկնաբանեց կիրակի օրուայ աւետարանական ընթերցումը կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքի առթիւ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալներուն­, «փնտռտուքի» եւ «զոհողութեան» մէջ նշմարելով երկու յատկութիւններ` որոնք մեզի առիթ կու տան ձգտելու Աստուծոյ Արքայութեան որ ներկայ է Յիսուսի անձին մէջ։

Կիրակնօրեայ աւետարանական ընթերցումը զոր քաղուած է Մատթէոսի աւետարանի 13-րդ գլուխէն անգամ մը եւս կը խօսի  Երկնքի Արքայութեան մասին զայն ներկայացնելով որպէս անձ մը որ թաքնուած գանձ մը կը գտնէ ապա մարգարիտներու վաճառականի մը` որ կը գտնէ  թանկարժէք  մարգարիտ մը։ Երկուքն ալ, դիտել կու տայ Սրբազան Քահանայապետը, ամէն ինչ կ՛ընեն  ձեռք բերելու երկու անսպասուած անակնկալները։

«Փնտռելու վերաբերմունքը հիմնական պայմանն է գտնելու համար Աստուծոյ Արքայութիւնը» կը հաստատէ Քահանայապետը ընդգծելով թէ այդ նուիրուած է բոլորին, պարգեւ մըն է, նուէր մըն է, շնորհք մըն է, որ կը պահանջէ «շարժում» եւ որուն համար հարկաւոր է որ մեր սիրտը բորբոքի արժէքաւոր բարիքին հասնելու ցանկութեամբ` բարիքը որ է Յիսուս. «Փնտռտուքը սակայն բաւարար չէ եւ հարկաւոր է նաեւ զոհողութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը բացայայտելով թէ երբ Տէրը գտնենք պէտք է ամէն զոհողութիւն ընենք անպտուղ չի թողելու համար այդ յայտնաբերումը, որովհետեւ Յիսուսի մօտիկութիւնն ու ներկայութիւնը մեր կեանքէն ներս կը դառնայ ներկայութիւն որ սրտերը կը բարեփոխէ ու մեզ կը բանայ մեր եղբայրներու կարիքներուն ու անոնց ընկալումին։ 

Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութիւնը եզրափակեց յորդորելով դառնալ Աստուծոյ Արքայութիւնը գտնողներու ուրախութեան վկաները առօրեայ խօսքերով եւ գործերով, այսինքն վկաները այն սիրոյն զոր Հայրը մեզի պարգեւեց Յիսուսի միջոցաւ։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը ապա ողջունելով հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները յիշեց թէ այսօր կը նշուի ՄԱԿ-ի կողմէ հաստատուած մարդավաճառութեան դէմ միջազգային օրը ու կոչ ուղղեց բոլորին որպէսզի հակառակին այդ «նողկալի պատուհասին» որ արդի ստրկութեան ձեւ մըն է։

Տգեղ է, տմարդկային ու ոճրային­, «սովորական» համարել աշխատանքի ու սեռային չարաշահումներու թիրախ զոհերը հաստատեց հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը, Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեան յանձնելով բոլորը եւ Անորմէ հայցելով նաեւ որ փոխէ չարաշահողներու սրտերը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.