2017-07-29 11:38:00

Քոլոմպիայի մէջ սպաննուած է երիտասարդ քահանայ մը ։


«Ռատիօ Վատիկան» 2017-ի ,Յուլիս  27-էն 28 լուսցնող գիշերուան ընթացքին, Քոլոմպիայի Փուերթօ Վալտիվիա մարզին մէջ սպաննուած է երիտասարդ քահանայ մը։ Այս մասին կը յայտնէ Քոլոմպիայի Սանթա Ռոզա թեմի եպիսկոպոս՝ Գերապայծառ Ալպերէօ Օսսա Ստոն, Քոլոմպիայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի կայքէջին վրայ զետեղած մէկ հաղորդագրութեամբ։

Գերապայծառ Ալպերէօ, յանուն Քոլոմպիայի եպիսկոպոսաց դասին, խորին ցաւակցութիւնը յայտնած է Հայր Տիոմեր Էլիվեր Շավառիա Փերեզի սպանութեան առիթով, եւ հաւատացեալներէն խնդրած է, որ աղօթեն ոճրագործներուն դարձի գալուն համար, ապա  խստիւ դատապարտած է ամէն տեսակի բռնութիւնները, որոնք կը սպառնան մարդկային կեանքին ու արժանապատուութեան։

 Հայր Տիոմեր Էլիվեր Շավառիա Փերեզի սպանութեան լուրը շատ ուշ հաղորդուած է, Այն պատճառաւ որ ոճիրին վայրը յաճախուած  է ազգային ազատագրական  ընդդիմադիր բանակի եւ ոճրագործ խմբաւորուելուն կողմէ եւ սպանութեան պատճառները տակաւին անյայտ են։ 

Հայր Տիոմեր Էլիվեր Շավիրա Փերեց, ծնած էր 27 յուլիս 1986-ին, եւ քահանայ ձեռնադրուած էր 19 մարտ 2012-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.