2017-07-29 07:53:00

Մասնակի միջադէպերու զուգահեռ. Պաղեստինցիք վերադարձան Աքսայի մէջ աղօթելու;


Տասնեակներով պաղեստինցիներ վիրաւորուեցան երէկ երեկոյեան, երբ իսրայէլացիք արցունքաբեր կազերով եւ այլ զէնքերով փորձեցին արգիլել պաղեստինցիներու Աքսա մզկիթ մուտքը` նախքան անոնց խուզարկութիւնը: Պաղեստինեան «Ուաֆա» լրատու գործակալութեան համաձայն, հարիւր հազար պաղեստինցիներ Երուսաղէմի զանազան շրջաններէն փութացած են Աքսայի մզկիթ` «Ալլահու աքպար» եւ այլ կարգախօսներ բացագանչելով:

Նշենք, որ 13 օրուան բռնազբօսիկ դադարէ ետք պաղեստինցիք երէկ վերադարձան Երուսաղէմի Աքսայի մզկիթին շուրջ (եւ ապա` մէջը) աղօթելու: Արդարեւ, իմանալէ ետք իսրայէլեան թէ պաղեստինեան պատկան մարմիններու հաւաստիացումները` ելեկտրական անցարգելի դռներու վերացման եւ կացութեան բնականոն վիճակին վերադարձին գծով, պաղեստինցիք վերադարձան եւ իրենց նամազը կատարեցին նախ Աքսայի մզկիթին շուրջ եւ ապա երեկոյեան` մզկիթին մէջ:

Յայտնենք, որ պաղեստինցի կրօնաւորներ մերժած էին Աքսայի մէջ նամազ կատարել, մինչեւ տագնապին հարթումը հաստատող պաղեստինեան վաքըֆին մէջ յայտարարութիւնը: Անոնք ի վերջոյ հաւանութիւն տուին Աքսայի մզկիթին մէջ նամազ կատարելու հինգշաբթի երեկոյէն սկսեալ:

Այսուհանդերձ իսրայէլեան ուժեր Աքսայի մերձակայքը շարունակեցին իրենց սովորական խուզարկութիւնները` որոշ ընդվզում յառաջացնելով աղօթելու եկած պաղեստինցիներուն մօտ: Այս իմաստով  իսրայէլեան «Երուսաղէմի ջոկատ»-ի հրամանատար, զօրավար  Եորամ Հլիվի մամլով ասուլիս  մը տալով յայտնեց, որ իրենք տարազաւոր պաշտօնեաներ են եւ կը կատարեն իրենց ուղղուած հրահանգները: Ան կոչ ուղղեց ընդառաջելու խուզարկութեան սովորական քննութեանց, ինչպէս որ կը կատարուէր նախապէ` թելադրելով չշահագործել ստեղծուած կացութիւնը:

«Ժազիրա» Պատկերասփիւռի Կայանի Արտաքսման Կոչ

Միւս կողմէ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու կոչ ուղղեց պատկան մարմիններուն Իսրայէլէն արտաքսելու «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի անձնակազմը, որովհետեւ անիկա լայնօրէն կ՛անդրադառնայ եւ լուրեր կը հաղորդէ Աքսայի դէպքերուն մասին: Վարչապետը նախապէս ալ նման հրահանգ արձակած էր «Ժազիրա»-ի գծով, սակայն կարելի չէր եղած այդ մէկը գործադրել համապատասխան միջազգային օրէնքներու բերումով: Նեթանիահու խոստացաւ ուսումնասիրել առնչակից օրէնքները եւ «ելք» մը գտնել «Ժազիրա»-ի անձնակազմը արտաքսելու գծով:

Նշենք, որ Քաթարի մէջ «Ժազիրա» կայանի փակման գծով նմանօրինակ առաջարկ մը ներկայացուած էր նաեւ Քաթարին հակադրուող չորս երկիրներուն կողմէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.