2017-07-29 08:34:00

«Հօր Աստուծոյ կը յանձնեմ փոքրիկն Շարլին» Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը


(Ռատիօ Վատիկան) «Հօր Աստուծոյ կը յանձնեմ փոքրիկ Շարլին եւ կ՛աղօթեմ անոր ծնողներուն ու բոլոր այն անձերուն որոնք սիրեցին զինք» Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հրապարակած թուիթը ի լուր 11 ամսուայ փոքրիկն Շարլիի մահուան։

Շարլին որ կը տառապէր հազուագիւտ եւ գրեթէ անդարման հիւանդութենէ մը իր հոգին աւանդեց առ Հայր ուրբաթ 28 յուլիսի երեկոյեան երբ բժիշկները անջատեցին անոր կեանքի մէջ պահող բժշկական գործիքները։ Շարլիի մահուան լուրը հաղորդեցին նոյնինքն անոր ծնողները յայտնելով թէ «մեր սքանչելի մանուկը մեկնեցաւ։ Իսկապէս հպարտ ենք Շարլիով»։

Երկարատեւ դատավարական գործընթացքի մը աւարտին մինչ մէկ կողմէն բժիշկները որոշած էին ընդհատել Շարլիի տառապանքը ու միւս կողմէն անոր ծնողքը որ ամէն ջանք ու ելք կը փնտռէին անոր դարմանում մը ապահովելու համար  Լոնտոնի Բարձր դատարանը վճիռ արձակեց Շարլին «Great Ormond Street Hospital» հիւանդանոցէն փոխադրելու այլ խնամակալական կեդրոն ուր անջատուեցան զայն կեանքի մէջ պահող գործիքները։

Խղճերն ու սրտերը ցնցող Շարլիի պատմութիւնը յուզեց բազմաթիւ անձինք որոնք իրենց մօտիկութիւնը ուզեցին արտայայտել տարբեր ձեւերով եւ միջոցներով անոնց շարքին էր նաեւ գերապայծառ Վինչենցօ Փալիա` Կեանքի Քահանայապետական կաճառի նախագահը որ իր կարգին աղօթք ու մօտիկութիւն արտայայտեց Շարլիի հարազատներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.