2017-07-28 11:50:00

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց յիշել մեր ժամանակակից մարտիրոս՝ Հայր Ժաք Համելը։


«Ռատիօ Վատիկան» Հայր  Ժաք Համելի սպանութեան առաջին տարելիցին առիթով, հինգշաբթի, 27 յուլիսին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, համացանցային Ւնթսակրամ կայքէջին վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը .

«Այսօր՝ յիշենք Հայր Ժաք Համելը, որ մեր ժամանակակից անթիւ մարտիրոսներուն հետ միասին իր կեանքը սպառեց ուրիշներուն ծառայութեան ի սպաս»։

Նշենք, թէ Ֆրնաչիսկոս Պապ Քահանայապետական «Franciscus» ընկերային համացանցի միջոցաւ, մտովին միացաւ, Ֆրանսայի Ռուեն թեմի  Սուրբ Էթիեն ՏուՌուվրայ եկեղեցւոյ մէջ կայացած, Հայր Համելի հոգեհանգստեան պաշտօնի արարողութեան, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահ՝ Էմանուէլ  Մաքրոնը։

Ֆրանսայի մէջ կայացած հայր Համելի հոգեհանգստեան պաշտօնի արարողութիւնը մեծ արձագանք  ունեցաւ  միջազգային գետնի վրայ ու մամուլին մէջ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.