Սթամպուլի Շիշլիի շրջանի Փանգալթըի հայկական գերեզմանատան պատը յորդառատ անձրեւի հետեւանքով փլուզուած է:
Վկայակոչելով թրքական BirGun-ը՝ Artsakhpress.am-ը կը հաղորդէ, թէ Շիշլիի հայկական գերեզմանատան պատի փլուզման հետեւանքով 4 քաղաքացի մնացած է փլատակներուն տակ, որոնցմէ 3-ը յաջողած են հանել: Կը նշուի, որ անոնք արագ տեղափոխուած են հիւանդանոց:
Ականատեսները պնդած են, թէ նախկին յորդառատ անձրեւին ժամանակ արդէն կ՝երեւէր, որ պատը փլուզման եզրին է:
All the contents on this site are copyrighted ©. |