2017-07-28 09:56:00

Չարաշահուած մանուկներու մասին Save the Children-ի տուեալները


«Ռատիօ Վատիկան» «Save the Children» մանուկներու պաշտպանութեան կազմակերպութեան հրապարակած տուեալներուն  համաձայն, աշխարհի մէջ մարդավաճառութեան եւ չարաշահումի թիրախ դարձած զոհերուն  չորսէն մէկը մանուկ մըն է։

Save the Children-ի  «փոքրիկ անյայտ ստրուկներ 2017» ծրագիրը, ուսումնասիրութիւն մը կատարած է  շահագործումի  եւ պոռնկութեան  թիրախ դարձած մանուկներու մասին՝ ի տես  մարդավաճառութեան դէմ  միջազգային համաշխարհային օրուան։  

Այս առնչութեամբ Save the Children-ի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ  նշուած է, որ  մարդավաճառութեան եւ անչափահասներուն չարաշահումի երեւոյթը աշխարհի մէջ լայնապէս տարուած երեւոյթ մըն է ։ Արդարեւ՝ 106 երկիրներու մէջ , մանուկներու չարաշահումի դէմ բողոք ներկայացուած տուեալներէն ի յայտ կու տայ որ, սոյն բացասական երեւոյթը  ահազանգ  մըն է ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.