2017-07-28 11:22:00

«Մարդավաճառութիւնը կ՛արատաւորէ մարդկութեան դիմագիծը» Ֆրանչիսկոս Պապ։


(Ռատիօ Վատիկան) «Ամօթալի  մէկ երեւոյթ» որ մարդկութեան դիմագիծը  մը կ՛արատաւորէ, ահռելի յանցագործութիւն ու մոլորակի ամենաշահաւոր առեւտուրներէն մին, որ հարկ է կասեցնել որեւէ մի ձեւով։ Այսպէս է որ կ՛արտայայտուի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ի տես աշխարհը յուզող մարդավաճառութեան յանցագործութեան ամէն անգամ կառավարութիւններէն խնդրելով յանձնառում վերոնշեալ  ախտը արմատախիլ ընելու ուղղութեամբ։ Բառերէ որոնք դարձեալ կը հնչեն ի տես յառաջիկայ 30  յունիսին նշուելիք ՄԱԿ-ի կողմէ հաստատուած Մարդավաճառութեան դէմ պայքարի համաշխարհային օրուան։

Անցեալ 7 նոյեմբեր 2016-ին Նորին Սրբութիւնը հանդիպելով մարդավաճառութեան դէմ պայքարող «ՐԷՆԱԹԷ» կղերականներու ցանցի անդամներուն հետ հաստուած էր. «աշխարհը յուզող ամենացաւալի վէրքերէն մին մարդավաճառութիւնն է, ստրկութեան նոր ձեւ մը, որ կը պղծէ մեր  բազմաթիւ եղբայրներուն ու քոյրերուն արժանապատուութիւնը որ Աստուծոյ պարգեւն է հանդիսանալով  մարդկութեան դէմ իսկական ոճիր ու յանցագործութիւն։

Քահանայապետը այս առընչութեամբ առաջարկած էր «իրազեկութիւն  եւ որեւէ անտարբերութեան ձեւի դէմ  կրթութիւն» որպէսզի յաղթահարուի հայեացքը  այլուր դարձնելու սովորութիւնը մինչ տնտեսական զօրեղ շահեր եւ քրէական ցանցեր կը շարունակեն գործել  ազատօրէն»։

«Save the Children» մանուկներու պաշտպանութեան կազմակերպութեան հրապարակած տուեալներուն  համաձայն, աշխարհի մէջ մարդավաճառութեան եւ չարաշահումի թիրախ դարձած զոհերուն  չորսէն մէկը մանուկ մըն է։ մինչ աշխարհի մէջ մարդավաճառութեան թիրախ անձերու թիւը 21 ու 35 միլիոնի միջեւ է։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.