2017-07-27 07:13:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայապետութեան 5-րդ տարեդարձը նշող մեդալին վրայ գաղթականներ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին Քահանայապետութեան հինգերորդ տարեդարձը նշող Մետալին մէկ երեսին վրայ, որ հանրութեան տրամադրութեան տակ կը դրուի 28 յուլիսէն սկսեալ,  պատկերացուած   մարդ մը որ իր ձեռքը կ՛երկարէ Քրիստոսին ու ծովափի վրայ այլ գաղթականներ, մինչ խորքին կը տեսնուին մարդիկ եւ կիներ որոնք նաւէ մը վար կ՛իջեցնեն մանուկներ, ապա գրութիւն մը` քաղուած Մատթէոսի աւետարանէն «պանդուխտ էի եւ ընդունեցիք զիս» կը շրջապատէ տեսարանը։

Մեդալին միւս կողմը պատկերացուած է Ֆրանչիսկոս Պապին քահանայապետութեան  նշանաբանը ուր գրուած է Ֆրանչիսկոս Պապ 5-րդ տարի (MMXVII) 2013։

Մետալը գործն է արուեստագէտ Մարիանճելա Քրիշոթթիին։








All the contents on this site are copyrighted ©.