2017-07-25 08:36:00

Ֆրանչիսկոս Պապ կ՛աղօթէ փոքրիկն Շարլի Կարտին ու անոր ծնողաց համար։


(Ռատիօ Վատիկան) «Ֆրանչիսկոս Պապ կ՛աղօթէ Շարլիին ու անոր ծնողաց համար ու յատուկ կերպով մօտիկ է անոնց այս ողբերգական ու մեծ տառապանքի պահի ընթացքին»։ Այս եղաւ Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի  տնօրէն՝ Տիար Կրէկ  Պուրքի  յայտարարութիւնը, աշխարհը յուզող` Շարլի Կարտի ծնողաց առած որոշումին ի լուր, թոյլ տալու որ բժիշկները անջատեն  ծնունդէն ի վեր հազուագիւտ հիւանդութենէ տառապող փոքրիկն Շարլին կեանքի մէջ պահող գործիքները, տրուած ըլլալով որ մասնագէտներու համաձայն այլեւս ոչ մէկ բան կարելի է ընել փոքրիկին կեանքը փրկելու համար։

Արդարեւ երկուշաբթի 24 յուլիսին Շարլիին ծնողքը յայտարարեցին թէ կը հրաժարին դատական պայքարը շարունակելու իրենց որոշումէն որովհետեւ այլեւս շատ ուշ է ու պիտի թողուն որ Շարլին միանայ հրեշտակներուն։ Անոնք ապա իրենց ցաւն ու կսկիծը արտայայտեցին որովհետեւ չկարողացան Շարլին փրկել։

Կրէկ Պուրք` յայտարարութեան աւարտին աւելցուց թէ Սրբազան Քահանայապետը կը խնդրէ որ իրեն միանանք աղօթքի մէջ որպէսզի Շարլիին ծնողքը վերագտնեն Աստուծոյ մխիթարութիւնն ու սէրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.