2017-07-25 11:49:00

Սուրբ Ֆրանչիսկոսի տօնին առթիւ՝ Ասիզզի երիտասարդներու 37 -րդ քայլարշաւը


«Ռատիօ Վատիկան» 25- յուլիս 2017ին, Ւտալիոյ մէջ սկիզբ կ՝առնէ  Ֆրանչիսկեան միաբանութեան կողմէ կազմակերպուած «Ֆրանչեսքանա»  երիտասարդներուն  37-րդ քայլարշաւը, որուն  իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն  18-էն 32 տարիք ունեցող երիտասարդներ։

Ամէն տարի կայացող  «Ֆրանչեսքանա» քայլարշաւին ծիրէն ներս,  Ւտալիոյ զանազան մարզերէն հազարաւոր  երիտասարդներ քալելով կ՝ուղղուին դէպի Ասսիզի, մասնակցելու համար  1216-ին, Ւտալիոյ պաշտպան սուրբ` Սուրբ Ֆրանչիսկոսի կողմէ հաստատուած տօնակատարութեան, որ առիթ  է նաեւ  երիտասարդներուն, բացայայտելու փոխադարձ սիրոյ եւ համերաշխութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ զաւակը զգալու վեհ ուրախութիւնը։

Թոսքանա մարզին «փոքրիկ եղբայրներ» միաբանութեան հովուական ծառայութեան բաժանմունքին պատասխանատու՝ հայր Ալեսսանտրօ Մարթելլին խօսելով Ասսիզիի երիտասարդներու 37- քայլարշաւին մասին յայտնեց,  թէ  « քալելու եւ  յոգնութեան ընդմէջէն,  մեր դիմակները վար կ՝առնենք՝  էականին հասնելու համար, որ է բացայայտել մեր իսկական «ես»-՝ը, որ յաճախ շատ աւելի շքեղ է քան մեր կարծածը»,  աւելցնելով որ «ներումը, մեր եւ երիտասարդներուն կեանքի համար ամենէ զօրեղ դեղն է» ։

«Հանդիպիլ հօր մը, որ միշտ մեզ կը սիրէ՝  այնպէս ինչպէս որ ենք, եւ ասոր համար  Ան միշտ պատրաստ է մեզի ներելու, կը դառնայ  մեր կեանքին դարմանը եւ առիթ կ՝ընծայէ զեռոյէն  վերսկսելու»» ըսաւ հայր Ալեսսանտրօ Մարթելլին։








All the contents on this site are copyrighted ©.