2017-07-24 07:14:00

Փանամայի Երիտասարդութեան համաշխարհային հաւաքին կեդրոնական վայրը «Չինթա Քոսթիէրա Ունօ»։


(Ռատիօ Վատիկան) «Չինթա Քոսթիէրա Ունօ» ն` Ովկիանոսի դիմաց գեղեցիկ ու երկար պողոտան պիտի հանդիսանայ 22 Էն  27  Յունուար 2019-ին Փանամայի մէջ կայանալիք Երիտասարդութեան համաշխարհային հաւաքին կեդրոնական վայրը, ուր Նորին Սրբութիւնը հանդիպում պիտի ունենայ ԵՀՕ մասնակցող երիտասարդներուն հետ։ Լուրը` անցեալ օրերուն հաղորդեց Փանամայի Արքեպիսկոպոսը` Գերապայծառ Խօսէ Տոմինկօ Ուլլոա Մենտիեթան որ ապա նշեց թէ որոշումը առնուած է Վատիկանի ոստիկանութեան հաւանութիւնը ստանալէ ետք։.

ԵՀՕ կազմակերպիչ յանձնախումբին համաձայն վերոնշեալ վայրին մէջ պիտի հիւրընկալուին 375 հազարէ աւելի  երիտասարդներ։  Վայրը յարմարագոյնը նկատուած է նաեւ Քահանայապետի անվտանգութիւնը ապահովելու համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.