2017-07-22 08:58:00

60,000 աշակերտի տարեկան 180 օր ուտելիք պիտի տրամադրուի


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան եւ ՄԱԿի Պարէնի համաշխարհային ծրագիրի հայաստանեան ներկայացուցչութեան ղեկավար Փասքալ Միշօ համաձայնագիր ստորագրեցին՝ Հայաստանի մէջ «Կայուն դպրոցական սնունդ» ծրագիրի շարունակականութեան ապահովման վերաբերեալ:

Սոյն ծրագիրի գործողութեան ժամկէտը աւարտած էր 30 Յունիս 2017ին: Այս համաձայնութեամբ՝ ծրագիրը կ՛երկարաձգուի մինչեւ 2018ի Դեկտեմբեր 31:

«Զուգահեռաբար, պատրաստւում է նաեւ «Կայուն դպրոցական սնունդ» ծրագրի ռազմավարութիւնը, որը ներառում է ծրագրի շարունակականութիւնն ու զարգացումը մինչեւ 2025 թուականը: Դպրոցական սննդի ծրագիրը մեր ամենայաջողուած նախաձեռնութիւններից է, որն ունի ոչ միայն սոցիալական կարեւորութիւն, այլ նաեւ դաստիարակչական լուրջ միջոցառում է, որը դպրոցական վաղ տարիքում ձեւաւորում է համակեցութեան շատ կարեւոր կանոններ», համաձայնագրի ստորագրման արարողութենէն ետք յայտարարեց կրթութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան:

Նախարարը տեղեկացուց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը ինք եւս ստեղծած է «Կայուն դպրոցական սնունդ» հիմնադրամ մը, որ այսուհետեւ պիտի համակարգէ դպրոցական ուտելիքի կազմակերպման աշխատանքները՝ առաջնահերթ նկատելով առաջինէն չորրորդ դասարանցիներուն տաք ուտելիքի ապահովումը, ինչպէս նաեւ ծրագիրի ազգային փուլի ընդլայնումը:

«Կայուն դպրոցական սնունդ» ծրագիրը մեկնարկած է 2010ին, Հայաստանի կառավարութեան եւ ՄԱԿի Պարէնի համաշխարհային ծրագիրին միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեամբ, որուն ծիրին մէջ Հայաստանի բոլոր մարզերու (Երեւանը ծրագրին մաս չի կազմեր) տարրական դասարաններու աշակերտները իրենց դպրոցներուն մէջ ուտելիք կը ստանան:

2014-2015ին Արարատի, Վայոց Ձորի եւ Սիւնիքի մարզերու բոլոր դպրոցները փոխանցուած են Կառավարութեան «Կայուն դպրոցական սնունդ» ծրագիրի իրականացման պատասխանատուութեան ներքոյ: Սեպտեմբեր 2017ին Տաւուշի մարզն ալ ընդգրկուած է նոյն ծրագիրին մէջ:

Սեպտեմբեր 2018ին ծրագիրի ազգային փուլին մէջ պիտի ընդգրկուի Շիրակը, իսկ մնացած 5 մարզերու դպրոցական ուտելիքի ծրագիրը պիտի իրագործուի Պարէնի համաշխարհային ծրագիրի ֆինանսական աջակցութեամբ:

ՄԱԿի Պարէնի համաշխարհային ծրագիրի հայաստանեան ներկայացուցչութեան ղեկավար Փասքալ Միշօ տեղեկացուց, որ Հայաստանի դպրոցներուն համար ուտելիք կը տրամադրէ Ռուսիան:

Այս տարուան համար ծրագիրի թիրախը նախակրթարաններու եւ տարրական դասարաններու 60,000 աշակերտներն են, որոնց ուտելիք պիտի տրամադրուի տարեկան 180 օր:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.