2017-07-20 10:50:00

Վենեզուելլայի մէջ աղօթքի եւ ծոմապահութեան օր։


(Ռատիօ Վատիկան) Ի տես Վենեզուելլայի մէջ տիրող տագնապալից իրավիճակին, Վենեզուելլայի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասը, Ուրբաթ 21 յուլիս 2017-ն յայտարարած է աղօթքի ու ծոմապահութեան օր­, որուն առթիւ հրաւիրած է հաւատացեալները աղօթելու Երկիրն համերաշխութեան համար ու քաղաքական ծանր տագնապին խաղաղ լուծման համար։

Նշենք թէ անցեալ կիրակի 16 Յուլիսին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եւս իր մօտիկութիւնը յայտնեց Վենեզուելլայի բնակչութեան­, անոնց ապահովելով իր աղօթքներն ու զօրակցութիւնը։ Յայտնենք նաեւ թէ Վենեզուելլայի եպիսկոպոսները իրենց դիմադրութիւնը ցուցաբերեցին Նախագահ Մատուռոյի կողմէ առաջարկուած նոր սահմանադրութեան զայն նկատելով որպէս Նախագահի ձեռքերուն մէջ գործիք «զինուորական Մարքսիստ  բռնատիրութիւն» մը հաստատելու համար։

Վենեզուելլայի քաղաքական տագնապը մեծապէս կը մտահոգէ կաթողիկէ եկեղեցին որ մօտէն կը հետեւի բոլոր անցուդարձներուն ու ամէն ջանք կը դափէ կողմերը մղելու բանակցութեան ու վերջ դնելու քաղաքական այդ խրթին կացութեան ու այդ կացութենէն ծագած մարդկայնական ահեղ տագնապին։








All the contents on this site are copyrighted ©.