Երէկ` 19 յուլիսին, Արցախի Ազգային ժողովի յատուկ նիստին 28 կողմ ձայնով Բակօ Սահակեանը ընտրուած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ: Ան պիտի պաշտօնավարէ մինչեւ 2020:
Արցախի Ազգային ժողովի երեք` «Հայրենիք», «Ժողովրդավարութիւն» եւ «Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնները առաջադրած էին գործող նախագահ Բակօ Սահակեանի թեկնածութիւնը: Նախագահութեան մրցակից թեկնածու Էդուարդ Աղաբեկեան ստացած է 4 ձայն:
Շնորհակալութիւն յայտնելով վստահութեան համար` հանրապետութեան վերընտրուած նախագահը նշած է, որ պիտի շարունակէ իր աշխատանքը նոր եռանդով ու նոր ծրագիրներով` յանուն Արցախի զարգացման եւ բարգաւաճման:
Նախագահ Սերժ Սարգսեանը Շնորհաւորած Է Բակօ Սահակեանը
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ շնորհաւորական ուղերձ յղեց Բակօ Սահակեանին Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին ընտրուելուն առիթով: Նախագահ Սարգսեանի ուղերձին մէջ կը նշուի.
«Յարգելի՛ պարոն Սահակեան,
Ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ ձեզ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին ընտրուելու առիթով:
Պետական կառավարման մարմիններու ժողովրդավարական եւ սահուն ձեւաւորման ընթացքը կը վկայէ Արցախի ժողովուրդին ազատ ապրելու օգտին կատարած ընտրութեան անշրջելի բնոյթը: Ատիկա մարդու հիմնարար իրաւունքները եւ ազատութիւնները անշեղօրէն իրագործելու ուղին է: Այդ ճամբուն վրայ Արցախի աննկուն եւ քաջարի ժողովուրդին ստեղծած հանրապետութեան ապագային եւս պիտի սատարեն եւ աջակցին Հայաստանի պետական բոլոր կառոյցները եւ աշխարհասփիւռ հայութիւնը:
Վստահ եմ, որ դուք պիտի շարունակէք ձեր ազնիւ ծառայութիւնը մատուցել Արցախին` յանուն մեր ընդհանուր յառաջընթացի եւ բարօրութեան: Խաղաղասէր եւ հերոսական մեր ժողովուրդին արշալոյսները թող մշտապէս խաղաղ ըլլան»:
All the contents on this site are copyrighted ©. |