2017-07-19 09:13:00

Օգոստոս ամսոյն ընթացքին Կարդինալ Փարոլինը Ռուսիան պիտի այցելէ։


(Ռատիօ Վատիկան) «Ռուսիա կ՛երթամ որպէս Քահանայապետին համագործակից։ Համագործակից անոր որ կ՛ուզէ կամուրջ կառուցել որպէսզի աշխարհին մէջ աճի հասկացողութեան կարողութիւնը, որպէսզի իրար հասկնանք, իրարու հետ երկխօսենք։ Որպէսզի կառուցենք արդարութեան եւ խաղաղութեան միջավայր ու մթնոլորտ մը»։ Այս եղաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին յայտարարութիւնը ի տես յառաջիկայ օրերուն, օգոստոս ամսուայ ընթացքին, Ռուսիա կատարելիք այցելութեան, որուն ընթացքին նախատեսուած է նաեւ Ռուսիոյ Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ պաշտօնական հանդիպում։

«Թոյլ պիտի տամ որ Սուրբ Հոգին առաջնորդէ քայլերս» ըսաւ ապա Ծիրանաւորը հաստատելով թէ Ռուսիոյ պարագային կամուրջներ կառուցելը կը նշանակէ կիսել երկողմանի յարաբերութիւններ որոնք արդեն իսկ գոյութիւն ունին եւ որոնք կը հային կաթողիկէ եկեղեցւոյ գործունէութեան ու օրթոտոքս եկեղեցւոյ հետ յարաբերութիւններուն։ Սակայն, նշեց Կարդինալ Փարոլին, կարելի չէ չի քննարկել նաեւ միջազգային ծաւալ ունեցող հարցեր ինչպէս է պարագան Միջին Արեւելքի տագնապին, Սուրիոյ եւ կամ Ուքրանիոյ հարցին։  

Վատիկանի Պետական քարտուղարը ապա հաստատեց թէ Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական գործունէութեան նպատակն է աշխատիլ խաղաղութեան, արդարութեան ու զարգացումին ի սպաս։ «Երկխօսութիւն կը նշանակէ հանդիպում, ճանաչում ու հասկացողութիւն» ըսաւ Ան մէջբերելով Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը հայող «անտարբերութեան պատերու փլուզումին» ու այս առընչութեամբ երկխօսութեան կարեւորութեան։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.