2017-07-19 12:10:00

Հայաստան զբօսաշրջութեան համար բարենպաստ երկիր կը նկատուի


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».-  Երեքշաբթի, 18 Յուլիսին, Երեւանի մէջ կայացաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց եւ միջազգային համագործակցութեան նախարար Շէյխ Ապտալլահ Պին Զայետ Ալ Նահայիանի հանդիպումը:

Երկու նախարարները նախ առանձին զրուցեցին, որմէ ետք հանդիպումը շարունակուեցաւ ընդլայնուած կազմով:

Նախարարները գոհունակութեամբ արձանագրեցին, որ երկու երկիրներուն միջեւ ձեւաւորուած են ջերմ բարեկամական յարաբերութիւններ, փոխշահաւէտ համագործակցութիւն տարբեր ոլորտներու մէջ: Նախարարները շեշտեցին, որ այս բարենպաստ վիճակին ստեղծման մէջ իր ներդրումը ունի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հայկական փոքրաթիւ, բայց գործօն համայնքը:

Զրոյցին ընթացքին նախարարները քննարկեցին երկկողմ համագործակցութեան յետագայ զարգացման հարցերու լայն շրջանակ՝ իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնման, առեւտրատնտեսական կապերու խորացման, ներդրումներու խթանման եւ շարք մը այլ հարցեր:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարը նշեց, որ Հայաստան բարենպաստ երկիր է զբօսաշրջութեան համար, եւ վերջին շրջանին Էմիրութիւններէն Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկներու թիւը նկատելիօրէն աճած է:

Էդուարդ Նալբանդեան զրուցակիցին ներկայացուց ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման գործընթացի յառաջ մղման նպատակով Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու ջանքերը՝ ընդգծելով, որ եռանախագահող երկիրները, հանդէս գալով միջազգային հանրութեան անունով՝ շարունակաբար կը շեշտեն, որ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ բանակցային գործըթացը այլընտրանք չունի եւ հիմնահարցը պէտք է կարգաւորուի միջազգային իրաւունքի չափանիշներու եւ սկզբունքներու, յատկապէս՝ ուժի կամ ուժի սպառնալիքի չկիրառման, տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան ու ինքնորոշման հիման վրայ:

Հանդիպումէն առաջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարը այցելած էր Ծիծեռնակաբերդ եւ յարգանքի տուրք մատուցած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

Նշենք, որ Շէյխ Ալ Նահայիանի հանդիպում ունեցաւ նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի հետ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.