2017-07-18 13:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Պէտք է յաղթահարել ցեղապաշտութեան ու անհանդուրժութեան ձեւերը»։


(Ռատիօ Վատիկան) 2010-ին ՄԱԿի որոշումով հաստատուեցաւ Նելսոն Մանտելայի միջազգային օրը, որ ամէն տարի կը յիշատակուի անոր ծննդեան տարեդարձին օրը` 18 յուլիսին, մեծարելու համար Հարաւ-ափրիկէի երբեմնի նախագահը որ վեհանձն օրէն գործեց վասն խաղաղութեան եւ ազատութեան մշակոյթին։

Այս օրուան առթիւ, երեքշաբթի 18 յուլիս 2017-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց նոր թուիթ մը որուն մէջ հաստատեց թէ հարկաւոր է յաղթահարել  ամէն տեսակ խտրականութիւն ու անհանդուրժողութիւն­, ինչպէս նաեւ մարդ արարածի նկատմամբ շահագործում։

«Պէտք է յաղթահարել ցեղապաշտութեան, անհանդուրժողութեան ու մարդ անհատի շահագործումի դրսեւորումներու  որեւէ ձեւ»  գրեց Նորին Սրբութիւնը հրապարակած թուիթին մէջ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.