2017-07-18 07:14:00

Ֆրանչիկոս Պապին հրաւէրը աղօթելու Վենեզուելլայի համար։


(Ռատիօ Վատիկան) «Յատուկ ողջոյն մը  Իտալիոյ մէջ գտնուող Վենեզուելլայի կաթողիկէ հասարակութեան, նորոգելով աղօթքը ձեր սիրելի հայրենիքին համար»։ Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, անցեալ կիրակի 16 յուլիսին, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած մարեմեան աղօթքի աւարտին ուզեց ողջունել Վենեզուելլայի կաթողիկէները ու յատուկէն յիշել զանոնք աղօթքի մէջ, ի տես նաեւ սահմանադրութեան դէմ Երկիրն մէջ կազմակերպուած ժողովրդական պատմական հանրաքուէին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 7 միլիոն անձինք­, ոչ ըսելու համար Նախագահ Մատուրոյի կողմէ հաստատուած նոր սահմանադրութեան։

Արդարեւ Վենեզուելլայի եպիսկոպոսները եւս դէմ են այդ սահմանադրութեան ու զայն կը նկատեն Նախագահի ձեռքերուն մէջ գործիք «զինուորական Մարքսիստ  բռնատիրութիւն» մը հաստատելու համար։

Ամիսներէ իր վեր Վենեզուելլան կ՛ապրի տագնապալից օրեր ուր մարդկայնական տագնապը օր ըստ օրէ կը ծանրանայ եւ ուր մարդկային հիմնական իրաւունքները եւս չեն յարգուիր։ Պակասը կայ ուտեստեղէնի, դեղորայքի ու այլ հիմնական պահանջներու։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին մօտիկութեան վերոյիշեալ արտայայտութիւնը մեծ յուզմունք յարուցած է Իտալիոյ մէջ ապրող Վենեզեուլլայի հասարակութեան անդամներուն մէջ ու հանդիսացած է որպէս նոր յոյսի նշոյլ ու հրաւէր աշխարհի աչքերը դարձեալ սեւեռելու` տառապող Վենեզուելայի վրայ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.