2017-07-18 10:53:00

Ւնտոնեզիոյ մէջ կաթողիկէ եկեղեցւոյ երիտասարդներու հաւաք


(Ռատիօ Վատիկան) Ւնտոնեզիոյ մէջ  տեղի ունեցաւ երիտասարդ միսիոնարներու  հաւաք, առ ի  պատրաստութիւն Ասիոյ երիտասարդաց  հաւաքի օրուան, որ  սկիզբ պիտի առնէ  յառաջիկայ  30 յուլիսին եւ վերջ պիտի գտնէ  9 օգոստոս 2017-ին։

Վերոյիշեալ Երիտասարդներու հաւաքը մեկնարկեց Ւնտոնեզիոյ Փափուա մարզի  Արեւմուտք գտնուող Աիմաս քաղաքին մէջ, մասնակցութեամբ  աւելի քան 700  երիտասարդներու  եւ  14 հոգեւոր պատասխանատուներու։ 

Երիտասարդներու Հաւաքին խորագիրն է  «Թիֆային ձայնը հռչակելու համար Սուրբ Գիրքի ուրախութիւնը Փափուա մարզի մէջ»։

Նշենք թէ Թիֆան»   Փափուա մարզի  բնիկ ժողովուրդին`  երաժշտական աւանդական գործիք մըն է,  որոնք  զայն կը գործածեն ծիսական արարողութեան ժամանակ. Նուագարանը  մաս կը կազմէ Փափուա ժողովուրդին մշակութային ժառանգութեան։

Ւնտոնեզիոյ երիտասարդներու հաւաքին բացումը կատարեց  Սորոնկ Թեմի եպիսկոպոսը՝ Գերապայծառ Տաթուս Հիլարիոն Լեկան։ Ան այսառթիւ իր ունեցած  ելոյթին մէջ  խօսքը ուղղելով Ւնտոնեզիոյ   երիտասարդներուն  ըսաւ ՝ «Դուք Փափուայի կաթողիկէ եկեղեցւոյ ապագան էք»   ապա շեշտեց որ երիտասարդները պէտք են իրենց մասնակցութիւնը բերեն Եկեղեցւոյ ձեռնակներուն։

«Երիտասարդներուն  մասնակցութիւնը  աւելի  անհրաժեշտ է,  որովհետեւ անոնք մեծ բան մը ունին ընծայելիք  ընկերութեան`   իրենց ուրախութիւնը» ըսաւ Գերապայծառ Տաթուս Հիլարիոն Լեկան։

Նշենք թէ Աիմաս քաղաքին մէջ կայացած  երիտասարդներուն հաւաքը՝ նախաճաշակը հանդիսացաւ ինչպէս նաեւ ընդհանուր փորձ մը  Ասիոյ երիտսադարդաց հաւաքին, որ տեղի  պիտի ունենայ 30 յուլիսէն մինչեւ 9  օգոստոս եւ ունի որպէս խորագիր «Ասիոյ երիտասարդութիւնը տօնախմբութեան մէջ. Աւետարանը ապրիլ բազմամշակութային Ասիոյ մէջ»։








All the contents on this site are copyrighted ©.