2017-07-18 10:01:00

Մաքրոն. "Ֆրանսան բացասական դեր ունեցած է հրեաներու ցեղասպանութեան ընթացքին":


Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի Փարիզ այցելութեան ընթացքին անդրադարձած է հրեաներու ցեղասպանութեան` Ողջակիզումի իրականացման գործին մէջ իր երկրի բացասական դերակատարութեան:

Բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը կը նշէ, որ 39-ամեայ Մաքրոն քննադատած է անոնք, որոնք կը փորձեն ծածկել կամ նուազագոյն չափով ներկայացնել Ֆրանսայի մասնակցութիւնը հարիւր հազարաւոր հրեաներ համակեդրոնացման ճամբարներ ուղարկելու գործին մէջ:

Նեթանիահուի հետ Ողջակիզումի զոհերու յիշատակի յուշահամալիր այցելելէ ետք Մաքրոն յայտարարած է, որ ինքնին Ֆրանսան կազմակերպած է հրեաներու` համակեդրոնացման ճամբարներ ուղարկումը:

«Ոչ մէկ գերմանացի անմիջականօրէն մասնակից եղած է», ըսած է Ֆրանսայի նախագահը` աւելցնելով, որ ֆրանսական ոստիկանութիւնը կը համագործակցէր նացիներուն հետ: Ան յայտնած է, որ ֆրանսացիները չեն կրնար «հպարտութիւն կառուցել սուտի վրայ»:

Օրաթերթը կը նշէ, որ Համաշխարհային Բ. պատերազմի տարիներուն Ֆրանսայէն նացիական ճամբարներ ուղարկուած են աւելի քան 76.000 հրեաներ:

Ողբերգական դէպքերէն կէս դար ետք, Ժաք Շիրաք դարձած է Ֆրանսայի առաջին նախագահը, որ խոստովանած է, թէ իր երկիրը բացասական դերակատարութիւն ունեցած է Ողջակիզումի հարցին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.