2017-07-18 10:25:00

"Երուսաղեմը եւ միաստուածեան կրօնները...". Երուսաղեմի մէջ միջ-կրօնային վեհաժողով:


(Ռատիօ Վատիկան) Հռոմի եւրոպական համալսարանի նախաձեռնութեամբ, չորեքշաբթի,19 յուլիսին, երուսաղեմի Քահանայապետական «Istituto Notre Dame of Jerusalem  համալսարանէն  ներս  տեղի  կ՝ունենայ  միջկրօնային  վեհաժողով,  որուն խորագիրն է «Երուսաղեմը եւ միաստուածեան  կրօնները,  խորհրդանիշեր,  կեցուածքներ եւ հարազատ  կեանք»։

Վեհաժողովը նուիրուած  է քաղաքի արժէքին ՝ հրեայ, քրիստոնեայ, մահմետական հաւատացեալներուն համար, անոր զանազան ինքնութիւններուն սահմանումին մէջ։

Միջկրօնային վեհաժողովին ելոյթ կ՝ունենան  քրիստոնեաներու եւ հրեաներու  միջազգային կոմիտէի նախագահ՝ րաբունապետ Տավիտ Ռոզեն,  Պաղեստինցի  իմաստասէր Տիար Սարի  Սուսյպեհ  ու  մահմետական կրօնի մասնագէտ  ՓրոՖ Ալքսանտըր Կրինպերկ։








All the contents on this site are copyrighted ©.