2017-07-17 12:02:00

Ֆրանչիսկոս Պապին «Հրեշտակ Տեառն» կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը


«Ռատիօ Վատիկան» Կիրակի, 16 Յուլիսի միջօրէին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Ս. Պետրոսի հրապարակի վրայ հաւաքուած բազմահազար հաւատացեալներուն հետ կատարեց Հրեշտակ Տեառն աղօթքը եւ այս առիթով ներկաներուն տուաւ պատգամ մը, ներշնչուած օրուան Ս. Աւետարանի ընթերցուածէն, ուր Յիսուս կը պատմէ սերմնացանի առակը (Մտթ ԻԳ. 1-23)։

Սրբազան Հայրը ըսաւ՝ «Յիսուս պարզ լեզուով կը խօսէր իր աշակերտներուն, եւ ոչ թէ դպիրներու կամ օրէնքի վարդապետներու նման, որոնք հեռու էին ժողովուրդէն եւ լի կարծրութեամբ։» Ան աւելցուց, թէ Յիսուս ինքնին սերմնացանն է, որ չի պարտադրեր որեւէ բան, ալ կʼառաջարկէ. ան չի փորձեր մեզ նուաճել, այլ ինքզինք կը նուիրէ մեզի։ Յիսուսի խօսքը վանդակ մը կամ թակարդ մը չէ, այլ սերմ մը, որ կը պտղաբերէ՝ եթէ մենք Յիսուս ընդունինք։

Մեր սիրտը լաւ հողի մը նման կրնայ ըլլալ, ուր Խօսքը կը պտղաբերէ, բայց սակայն կրնայ ըլլալ կարծր, անթափանցելի։ Լաւ եւ կարծր հողերու միջեւ կան նաեւ այլ որակի հողեր։ Առաջինը՝ քարքարուտ հողն է։ Այնտեղ սերմը կը ծլի, սակայն չի կրնար խոր արմատներ արձակել։ Այսպէս է մակերեսային սիրտը, որ կʼընդունի Տէրը, կʼուզէ աղօթել, սիրել եւ վկայութիւն տալ, սակայն չի յարատեւեր եւ կը յոգնի։ Այսպիսի սիրտ մը հաստատուն չէ, հոն ծուլութեան քարերը կը գերակշռեն, հոն սէրը անկայուն է եւ անցողակի։

Ապա փշալից հողը, լի տատասկով, որ կը խեղդէ լաւ բոյսերը։ Տատասկը, ինչպէս Յիսուս կʼըսէ, կը ներկայացնէ աշխարհի մտահոգութիւնները, եւ հարստութեան հրապոյրը։ Տատասկը այն մոլութիւններն են, որոնք կը պայքարին Աստուծոյ դէմ եւ կը խեղդեն Անոր ներկայութիւնը։ Ասոնք են աշխարհի հարստութեան չաստուածութինները, ապրիլ ագահութեամբ եւ լոկ անձին համար, ապրիլ լոկ ընչաքաղցութեան եւ իշխանութեան համար։ Եթէ մենք այս տատասկները մշակենք, այն ժամանակ կը խեղդենք Աստուծոյ ներկայութիւնը մեր մէջ։ Իւրաքանչիւրը կրնայ ճանչնալ իր անձին մեծ ու փոքր տատասկները, սրտին մէջ բնակող մոլութիւնները, այն թուփերը որոնք արմատացած են մեր սրտին մէջ եւ որոնք հաճելի չեն Աստուծոյ, եւ արգելք կը հանդիսանան մաքուր սիրտ մը ունենալու։ Պէտք է դուրս խլել զանոնք, այլապէս Աստուծոյ խօսքը պիտի չպտղաբերէ։

Յիսուս կը հրաւիրէ մեզ, որ ակնարկը ուղղենք դէպի մեր ներսը՝ շնորհակալ ըլլալու լաւ հողին համար եւ աշխատելու այն հողերուն վրայ, որոնք տակաւին լաւ չեն։

Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց, որ քաջութիւնն ունենանք պատրաստելու բարեբեր հող մը, բարեբեր սիրտ մը, Խոստովանանքի խորհուրդով եւ աղօթքով յանձնելով Տիրոջ մեր քարերն ու մեր տատասկները։ Այսպէս ընելով, Յիսուս, բարի սերմնացանը, ուրախ պիտի ըլլայ ամբողջացնելու աշխատանքը՝ մաքրելով մեր սիրտը, դուրս հանելով քարերն ու փուշերը, որոնք կը խեղդեն Խօսքը։

 

 

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.