(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետի թուիթերեան կայքէջը ամենէն շատ հետեւորդ ունեցող կայքէջն է։ 9 լեզուներով սփռուող կայքէջին հետեւորդներուն թիւը գերազանցած է 35 միլիոնը։
Քահանայապետի թուիթերեան կայքէջը բացուած է Պենետիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր քահանայապետին օրով՝ 3 դեկտեմբեր 2012-ի։ Այժմ ան աշխարհի մէջ ամենէն շատ հետեւորդ ունեցող կայքէջը կը նկատուի ։ Նշենք թէ Ֆրանչիսկոս Պապ ներկայ է նաեւ Instagram համացանցային կայքէջին վրայ, որուն հետեւորդներուն թիւը կը հաշուէ աւելի քան չորս միլիոն։
All the contents on this site are copyrighted ©. |