2017-07-15 09:57:00

Թրամփ ներկայ կը Գտնուի Ֆրանսայի ազգային տօնին առիթով կատարուած տողանցքին


Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ուրբաթ, 14 յուլիսին, ներկայ գտնուեցաւ Ֆրանսայի Ազգային տօնին առիթով Շանզ Էլիզէի մէջ աւանդական զինուորական տողանցքին, որուն ֆրանսական բանակէն զինուորներու կողքին մասնակցեցան ամերիկեան բանակէն զինուորներ:

Միացեալ Նահանգներու Համաշխարհային Ա. պատերազմին միջամտելուն 100-ամեակին նուիրուած տողանցքին մասնակցեցան նաեւ ձիաւորներ, պատերազմական օդանաւեր եւ ուղղաթիռներ:

Թրամփ լրագրողներուն յայտնեց.«Ասիկա ազգային հոյակապ տօնակատարութիւն մըն է»: «Մեր երկու ժողովուրդները յաւիտեանս իրարու կապուած են` յեղափոխութեան ոգիով ու ազատութեան համար պայքարով», նշեց ան:

Նախապէս ան նաեւ յայտնած էր, որ «ազատութեան համար պայքարը» կը միացնէ Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան:

Ֆրանսայի նախագահը աւելի ուշ մեկնեցաւ Նիս` ներկայ գտնուելու համար անցեալ տարի Ազգային տօնի ոգեկոչման ընթացքին կատարուած ահաբեկչական յարձակումի ոգեկոչման: Յիշեցնենք, որ ծագումով թունուզցի մը մեծ բեռնատարով մը վրայերթի ենթարկած էր ծովեզերքը հրավառութիւնը դիտող ժողովուրդը` պատճառելով 86 զոհ:








All the contents on this site are copyrighted ©.