2017-07-15 07:55:00

Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի Ժողովի նոր կայքէջը։


(Ռատիօ Վատիկան) Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի Քահանայապետական Բաժանմունքը, որ մաս կը կազմէ Սուրբ Աթոռի Վարչութեան, կʼունենայ իր նոր կայքէջը։

Ուրբաթ, 14 Յուլիսին, ներկայացուեցաւ Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի Քահանայապետական բաժանմունքի նոր կայքէջը։ Այնտեղ կարելի է տեղեկանալ նորութիւններու՝ բաժանմունքի գործունէութեան մասին ինչպէս նաեւ գտնել տեսերիզներ։

Այս առիթով ներկայացուած է նաեւ Բաժանմունքի նոր նշանաբանը, որ կը ներկայացնէ գիրկընդխառնում մը, որ կը ներգրաւէ բոլոր աշխարհականները եւ աշխարհի բոլոր ընտանիքները։ Նկարին ձախ կողմը կը տեսնուին աշխարհականներ, որոնք վեր կը բռնեն Պերնինիի սիւնը, որ իր կարգին, քանի մը ընտանիքներու հետ, կը վերածուի գրկումի։

Կիներ, այր մարդիկ, մանուկներ, երիտասարդներ, ծերեր եւ ընտանիքներ, պարզապէս Աստուծոյ ժողովուրդի անհուն մեծամասնութիւնը կը կազմէ ժողովուրդը, որ իր կարգին կը կազմէ Եկեղեցին եւ միաժամանակ կը վայելէ Եկեղեցւոյ մայրական պաշտպանութիւնը։ Այդ ժողովուրդը առաքելական երազանքն ունի՝ հասնելու բոլորին։

Պերնինիի սիւնէն եւ ընտանիքներէն կը ծնի կեանքը, որ նշանաբանին մէջ ներկայացած է ընձիւղով մը, որ կը բողբոջի Սուրբ Պետրոսի սիւներու իբր երկարաձգում։ Նոր կայքէջը կʼուզէ նաեւ ըլլալ ընտանիքներու եւ աշխարհականներու հանդիպման վայր մը, եւ բոլորին մատուցանել լսելի ըլլալու կարելիութիւնը։ Ասոր համար բաւականին տարածք տրամադրուած է ընկերային ցանցերուն։

Կայքէջի հասցէն է www.laityfamilylife.va








All the contents on this site are copyrighted ©.