2017-07-14 10:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը «Գովեալ լիցի եւ մեծ քաղաքներ» տիտղոսով համագումարին։


(Ռատիօ Վատիկան) 13-15 Յուլիսին, Ռիօ Տէ Ժաներոյի մէջ տեղի կʼունենայ համագումար մը «Գովեալ լիցի եւ մեծ քաղաքներ» տիտղոսով, որ կը քննարկէ ըմպելի ջուրի, օդի որակի եւ աղբերու վերացման խնդիրները։ Համագումարը ունի միջազգային հեռանկար մը. նպատակն է՝ հանգիլ գործելակերպի մը՝ հունի մէջ դնելու Քահանայապետի «Գովեալ լիցի» շրջաբերականը, ուշադրութեան յանձնել շրջաբերականի անյետաձգելի բարոյական սկզբունքները՝ գտնելու լուծումներ կլիմայի փոփոխութեան։ Համագումարի բացումը պիտի կատարէ Կարդինալ Փեթեր Քոտվօ Ափփիահ Թուրքսոն, ղեկավար Մարդկային Համապարփակ Զարգացումի Ծառայութեան բաժանմունքին։

Ուրբաթ, 14 Յուլիսին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատգամ մը ուղղած է համագումարի մասնակցողներուն։ Սրբազան Հայրը իր պատգամին մէջ կ՛անդրադառնայ թէ յիշեալ շրջաբերականը նկատի կ՛առնէ զանազան կարիքները, որ մարդիկ այսօր ունին մեծ քաղաքներու մէջ, եւ թէ պէտք է այդ կարիքներուն ընդառաջել յարգալիր եւ պատասխանատու կերպով։ Ապա, Ֆրանչիսկոս Պապ մանրամասնելով իր յորդորները, շեշտած է արարչութեան հանդէպ այդ յարգալիր եւ պատասխանատու կեցուածքի անհրաժեշտութիւնը, ապա իր պատգամի երրորդ մասին մէջ յատուկ կերպով անդրադառնալով մեծ քաղաքներու պարագային։ Սրբազան Հայրը կը յորդորէ, որ ընկերութիւնը գործունեայ մասնակցութիւն բերէ քաղաքական, ուսումնական եւ կրօնական մարզերէն ներս, որպէսզի ստեղծուին մարդկային աւելի ջերմ յարաբերութիւններ, որոնք խորտակեն պատնէշներ եւ գերազանցեն սահմաններ։

Պատգամի աւարտին Սրբազան Պապը կը դիմէ Աստուածածնի բարեխօսութեան, որպէսզի Անոր խորհուրդով եւ առաջնորդութեամբ ուղղուին համագումարի որոշումները, ի նպաստ համապարփակ բնատնտեսութեան մը, որ կը պաշտպանէ մեր հասարակաց տունը եւ յարաճուն կերպով կը կառուցէ աւելի մարդկային եւ զօրակցական քաղաքակրթութիւն մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.