2017-07-14 07:53:00

Փորթուկալի Սուրբ Տիրամօր Ջահը. Գործը նկարիչ-քանդակագործ Լիբանանահայ Ռաֆֆի Ետալեանի։


Լիբանան ապրող մեր հայրենակից, նկարիչ-քանդակագործ Ռաֆֆի Ետալեանի ստեղծագործական աշխարհը միշտ լեցուն է նոր  եւ ուշագրաւ, գեղագիտական մեծ ճաշակ ունեցող գործերով, որոնցմէ մէկն ալ  վերջերս ստեղծուած Փորթուկալիոյ Ֆաթիմա քաղաքին մէջ գտնուող  Տիրամօր յայտնութեան վայրին մէջ կառուցուած սրբատեղիի համար ստեղծուած  ՋԱՀՆ է`  նուիրուած  այդ վայրին մէջ Տիրամօր յայտնութեան 100-ամեակին:

… 1917 թուականի մայիս 13-ին երեք փոքրիկ հովիւներ` 10-ամեայ Լուսիա Սանթուշը, անոր զարմուհի Եակինթան (Ժաստինան) եւ Զարմիկ Ֆրանչիսկոն ականատեսը դարձան իրական  հրաշքի մը` Սուրբ Կոյս Մարիամի յայտնութեան: Երեխաները Ֆաթիմա քաղաքէն ոչ հեռու, մեծ կաղնեծառի ճիւղերու մէջ տեսան Սուրբ Կոյսի փայլատակող պատկերը: Մարիամը անոնց յորդորեց ամէն ամսուան  13-ին այցելել այդ վայրը, եւ երեխաներն ամէն անգամ այդ օրը ծառին մօտ կ´ըլլային…Սուրբ Կոյսը  անոնց միջոցով աշխարհին երեք կարեւոր բան  կը պատգամէր` ամեն  օր  աղօթել իր Վարդարանը, ապաշխարել եւ քաւութեան գործեր ընել` բոլոր մարդոց մեղքերու ներման համար:

…Շուտով այդ մասին իմացաւ ողջ Փորթուկալը, լուրը տարածուեցաւ երկրի սահմաններէն դուրս, եւ այդ վայրը դարձաւ սրբատեղի, իսկ  անգամ մը, հոկտեմբեր 13-ին մարդիկ ականատեսը դարձան «Արեւային պարի», որուն ընթացքին զարմացած մարդիկ կը վայելէին արեւի շուրջ կատարուող առեղծուածային երեւոյթը, երբ արեւի ճառագայթները  քանի մը վայրկեաններու մէջ կ´առանձնանան եւ կը շարժուէին երկնքով` հետաքրքիր ու խորհրդաւոր ուրուագիծեր ստեղծելով:

Մայիս 13-ը այնուհետ դարձած է Աստուածամօր երեւումներու մեկնարկի օրը. 2017-ի  մայիս 12-ին Սուրբ Կոյսի պատգամներու նուիրեալ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը 1 մլն. հաւատացեալներու հետ, Ֆաթիմայի երեւումներու տաճարին մէջ, կ´աղօթէր Սուրբ Վարդարանը, իսկ յաջորդ օրը` մայիս 13-ին, Սուրբ Պատարագ  կը մատուցէ:

Աստուածամօր յայտնութեան 100-ամեակին առիթով աշխարհի տարբեր ծայրերէ Ֆաթիմայի Սուրբ Կոյսի տաճարին մէջ հաւաքուած մարդիկ այս մայիսին ականատեսը դարձան մեր հայրենակիցի պատրաստած ջահի բացման արարողութեան: Այդ օրը, Ռաֆֆի Ետալեանի հաղորդմամբ, տեղի կ´ունենայ խորհրդաւոր Վարդարանի աղօթքի հանդիսութիւնը, որ կը նախագահէր Մարոնի համայնքի պատրիարք Մար Պեշարա Ռաին, ներկայ էին նաեւ Հայոց կաթողիկէ պատրիարքի տեղակալ, առաջնորդ Գէորգ եպիսկոպոս Ասատուրեան եւ պատրիարք Եունան: Վարդարանի աղօթքի հանդիսութեան օրը «Ողջոյն քեզ, Մարիամ» աղօթքը կը հնչէ 4 լեզուներով` արաբերէն, հայերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն: Հայերէնով ողջոյնը կ´աղօթեն տէր եւ տիկին Ետալեանները: Պատրիարք Ռաին Լիբանանի կողմէ սրբատեղիին կը նուիրէ Ռաֆֆի Ետալեանի ստեղծած ոսկեջրած պղնձեայ ջահը, որ պէտք է տեղադրուէր Ֆաթիմայի սրբատեղիի թանգարանին մէջ: Ետալեանի ստեղծած Տիրամօր ջահը գեղագիտական իւրայատուկ գեղեցկութիւն ու արժէք ունեցող  սքանչելի ստեղծագործութիւնը կը նուիրուի Տիրամօր. այն բաղկացած է 7 բաժիններէ, որոնք կը խորհրդանշեն Սուրբ Կոյսի 7 յայտնութիւնները` զարդարուած 7 խաչերով: Ջահի կեդրոնին զետեղուած է Լիբանանի մայրի ծառը: Ետալեան ջահին վրայ  Տիրամօր երեւման 100-ամեակին առիթով փորագրած է 100 խաչ: Լիբանանի Հարիսայի Տիրամօր արձանը 8.5 մ բարձրութիւն ունի, Ետալեանի ստեղծած այս ջահը  85 սմ  երկարութիւն ունի: Ջահի ներքեւը արուեստագէտը պատկերած է հայկական եկեղեցւոյ  նշան մը` Է տառը (միակ կատարելութիւն): Ռաֆֆի Ետալեան այս ջահը ստեղծած է երկու օրինակէ, 2-րդը` Լիբանանի Հարիսայի Տիրամօր սրբատեղիին համար:

Փորթուկալի ֆաթիմա փոքրիկ, սքանչելի քաղաքին մէջ տեղի ունեցած հանդիսաւոր արարողութիւնն ու լիբանանահայ արուեստագէտ Ռաֆֆի Ետալեանի հրաշագեղ աշխատանքը  կը խնկարկէին  ոչ միայն Տիրամօրը, այլեւ մեր հայրենակիցի` Ետալեան հայորդիի, ի վերուստ տրուած շնորհի  այլ  յայտնութեան մը:

Կարինէ Աւագեան

Քաղուած «Հայերն այսօր»էն








All the contents on this site are copyrighted ©.