

(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 16 Յուլիս 2017-ին Իտալիոյ Հարաւը գտնուող Քունէօ թեմը մեծ շուքով կը տօնախմբէ իր հիմնադրութեան 200-րդ ամեակը։ Այս առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իրեն յատուկ նուիրակ նշանակած է եւ Քունէօ ուղարկած` Կարդինալ Ճուզեփփէ Պերթելլոն` Վատիկանի Պետութեան կառավարչութեան նախագահը, որպէսզի յանուն Նորին Սրբութեան գլխաւորէ այս կարեւոր յոբելեանին առթիւ նախատեսուած ծիսակատարութիւնները որոնք նախատեսուած են Քունէօ քաղաքի Վերափոխման Սուրբ Կոյսին նուիրուած աթոռանիստ մայր տաճարին մէջ։
| All the contents on this site are copyrighted ©. |