2017-07-13 10:20:00

Արցախի նախագահի պաշտօնին համար առաջադրուած է երկու թեկնածու։


Արցախի նախագահի ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 19-ին: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան:

Յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի.

Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 168-րդ յօդուածի 1-ին մասի համաձայն` գործող Հանրապետութեան նախագահի լիազօրութիւններու աւարտէն ոչ շուտ, քան 50 եւ ոչ ուշ, քան 40 օր առաջ Ազգային ժողովը խմբակցութիւններու առաջարով կ՛ընտրուի Հանրապետութեան նախագահ, որ կը պաշտօնավարէ մինչեւ գործող Ազգային ժողովի լիազօրութիւններու ժամկէտի աւարտը:

«Ազգային ժողովի կանոնակարգ» Արցախի Հանրապետութեան օրէնքի 149-րդ յօդուածի 2-րդ մասի համաձայն` խմբակցութիւնները Հանրապետութեան նախագահի թեկնածուներ կ՛առաջադրեն գործող Հանրապետութեան նախագահի լիազօրութիւններու աւարտէն ոչ շուտ, քան 64 եւ ոչ ուշ, քան 57 օր առաջ:

Սահմանուած կարգով եւ ժամկէտներու մէջ` սոյն թուականի Յուլիսի5-12 ներառեալ, Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին ընտրուելու համար առաջադրուած է երկու թեկնածու`

Էդուարդ Արտաւազդի Աղաբեկեան («Շարժում -88»  խմբակցութեան կողմէ),

Բակոյ Սահակի Սահակեան («Հայրենիք», «Դաշնակցութիւն» եւ «Ժողովրդավարութիւն» խմբակցութիւններուն կողմէ):

Հաշուի առնելով Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան համար Սահմանադրութեամբ նախատեսուած ժամկէտները եւ «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» Արցախի Հանրապետութեան օրէնքի 149-րդ յօդուածի 3-րդ եւ 4-րդ մասերու պահանջները` Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին կողմէ Հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ազգային ժողովի յատուկ նիստի ընթացքին, որ իրաւունքի ուժով պիտի  գումարուի 2017 թուականի Յուլիս 19-ին` ժամը 11.00-ին:








All the contents on this site are copyrighted ©.