2017-07-12 11:23:00

Քեսապի Հայ Աւետարանական Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ վերընծայումը։


Հովանաւորութեամբ Մերձաւոր արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու (ՄԱՀԱԵ) միութեան, Յուլիս 9-ին տեղի ունեցաւ վերընծայումը Քեսապի Հայ աւետարանական Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ: Այս առիթով Պէյրութէն Քեսապ մեկնած էին ՄԱՀԱԵ-Միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան, ՄԱՀԱԵՄ-ի Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, Հալէպէն` Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքապետ վեր. Յարութիւն Սելիմեան եւ Կեդրոնական մարմինի անդամներ:

ՄԱՀԱԵՄ-ի պատուիրակութիւնը վերանորոգ եկեղեցւոյ բացումէն մէկ օր առաջ այցելութիւն տուաւ Քեսապի հայ կաթողիկէ եւ հայ առաքելական համայնքներու ներկայացուցիչներուն:

Յուլիս 9-ը պատմական օր մըն էր ամբողջ քեսապահայութեան համար: Նախքան Քեսապի վերանորոգ Հայ աւետարանական Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ վերընծայումը, ՄԱՀԱԵՄ-ի պատուիրակութիւնը այցելեց Գալատուրանի, Էքիզոլուքի եւ Քէօրքիւնէի հայ աւետարանական եկեղեցիները` իւրաքանչիւրին նուիրելով բեմի նոր Աստուածաշունչ մը:

Լաթաքիոյ շրջանի պետական մարմինները, քաջալերուած Քեսապի հայ աւետարանական Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցիի վերանորոգման աշխատանքներէն, ծրագրած էին դրօշակի արարողութիւն` Քեսապի հրապարակին վրայ բարձրացնելու սուրիական դրօշը, նախքան եկեղեցւոյ բացումը:  Պատանեկան շեփորախումբով առաջնորդուած արարողութենէն ետք, բոլորը ուղղուեցան դէպի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցի, վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան կատարեց պաշտօնական բացումը վերանորոգ եկեղեցւոյ:

Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցին, որ  21 Մարտ 2014-ին գրաւուած, թալանուած եւ ապա հրկիզումի ենթարկուած էր, այժմ իր վերանորոգ եւ պայծառ սրահներուն մէջ կ՛ընդունէր բազմահարիւր  հաւատացեալներ, որոնք եկած էին առ Աստուած փառաբանութեան եւ շնորհակալութեան աղօթքներ ու երգեր բարձրացնելու: Կէսօրուան ժամը 12:00-ին սկսաւ վերընծայման յատուկ պաշտամունքը` ներկայութեամբ  Լաթաքիոյ նահանգապետին, կուսակցապետին, պատասխանատուներու, քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներուն եւ Քեսապի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու:

Քեսապի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ պատ. Ժիրայր Ղազարեան առաջնորդեց պաշտամունքը: Բեմի նոր Աստուածաշունչի նուիրումը կատարեց վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան: Պատ. Սիմոն Տէր Սահակեան եւ պատ. Սեւակ Թրաշեան կատարեցին ընթերցումներ Աստուածաշունչէն: Երգչախումբը հրամցուց երկու երգեր: Քեսապի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ տարբեր տարիքի զաւակներ արտասանեցին նուիրումի  աղօթքներ:  Օրուան պատգամը փոխանցեց վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան, որ ներկայ հաւատացեալները հրաւիրեց քարեղէն կառոյցէն անդին նայելու  եւ ըլլալու կենդանի եկեղեցի, որուն միջոցաւ Աստուած կը փառաւորուի:

Պատգամէն ետք եկեղեցւոյ վերընծայման աղօթքը կատարեց վեր. Յարութիւն Սելիմեան, որ նաեւ դրուատեց աջակցութիւնը Սուրիոյ պետական մարմիններուն, որոնք մեծապէս դիւրացուցին վերանորոգման աշխատանքները` աւելցնելով, թէ Սուրիահայութիւնը անբաժան մասնիկն է Սուրիոյ ժողովուրդին:

Վեր. Փոլ Հայտոսթեան փոխանցեց Կեդրոնական մարմինին խօսքը, անդրադառնալով կատարուած աշխատանքին եւ անոր յուսադրիչ ազդեցութեան, գնահատանքով ընդգծելով, որ անիկա տարուեցաւ Սուրիոյ հայ աւետարանական համայնքի զաւակներուն կողմէ` համայնքապետ վեր. Յարութիւն Սելիմեանի առաջնորդութեամբ:

Կարդացուեցաւ  Ամերիկայի Հայ աւետարանչական  ընկերակցութեան վարիչ տնօրէն Զաւէն Խանճեանի խօսքը, ապա Տէրունական աղօթքով եւ վեր. Գարակէօզեանի  առաքելական օրհնութեամբ աւարտեցաւ պաշտամունքը: Ներկաները դուրս եկան զիրար շնորհաւորելով եւ ողջագուրելով` բարձր տրամադրութեամբ:

ՄԱՀԱԵ-Միութեան նախագահը, Կեդրոնական մարմինի ատենապետն ու անդամները, նաեւ ներկայ Լաթաքիոյ պետական աւագանին շնորհաւորութիւններ ընդունեցին եկեղեցւոյ նորոգուած դահլիճին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.