2017-07-12 11:08:00

Ամառնային ճամբար Հալէպի մանուկներուն համար՝ «օգնութիւն տառապող եկեղեցւոյ» օժանդակութեամբ


«Ռատիօ Վատիկան» Քահանայապետական «Օգնութիւն տառապող եկեղեցւոյ» բարեսիրական հաստատութիւնը  30 հազար եւրօ տրամադրած է Հալէպի Ասորի կաթողիկէներու Սուրբ Եփրեմ ժողովրդապետութեան, ամառնային ճամար կազմակերպելու համար Հալէպի մանուկներուն, որ որպէս վայր որոշուած է Հումս քաղաքի մօտ գտնուող «Վատի Ալ Նասրա» քրիստոնեաներու հովիտը։

Վերոնշեալ բարեսիրական կազմակերպութեան տնօրէնին փոխանցմամբ, ամառնային ճամբար կազմակերպելու նպատակն է,  Հալէպի մանուկներուն  վերադարձնել քիչ մը՝  իրենց մանկութենէն, եւ  անոնց շնորհել մտահոգութենէ զուրկ ու խաղ պահեր։

Նշենք,  թէ  «օգնութիւն տառապող եկեղեցւոյ» քահանայապետական բարեսիրական կազմակերպութիւնը առաջին անգամ չէ որ նիւթական օժանդակութիւն կը տրամադրէ  Հալէպի մանուկներուն ի սպաս, ան երկար տարիներէ ի վեր,  կաթի փոշի կը մատակարարէ հալէպի մանուկներուն։ 

Ամառնայի ճամբարին պիտի մասնակցին նաեւ այլ դաւանանքի ու համայանքի պատկան ընտանիքներ ու երիտասարդներ.  այս մասին յայտնած է Սուրբ Եփրեմ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ հայր Ժորժ Սապունժին։

Հալէպէն  հասած մխիթարիչ լուրերէն  արժանի է նշել նաեւ ,  թէ Հալէպի Սուրբ Ֆրանչիսկոս ժողովրդապետութեան սկաուտները նախաձեռնած են ՝՝Հալէպը աւելի գեղեցիկ՝ խորագիրով  ծրագիր մը՝  որուն նպատակն է բարելաւել Հալէպ քաղաքին դիմագիծը.

Այս շրջագիծէն ներս, Սկաուտները իրենց ձեռքերուն մէջ վրձիններ բռնած , նոր գոյներով կը ներկեն Հալէպի մայթերը,  կը վերահաստատեն  ճամբաներու նշանները, ցոյց տալու համար արգիլուած կամ թոյլատրուած ինքնաշարժները շարելու վայրերը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.