2017-07-11 12:18:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Ինքնաբուխ գիրը կեանքի զոհաբերումի շուրջ


«Ռատիօ Վատիկան» Երեքշաբթի, 11 Յուլիսին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ինքնաբուխ գիր մը հրապարակեց կեանքի զոհաբերումի շուրջ, որուն խորագիրն է «Ասկէ աւելի մեծ սէր», առնուած Յովհաննէս Աւետարանիչի յիշած Յիսուսի խօսքէն՝ «Ոչ ոք աւելի մեծ սէր ունի քան այն՝ որ կեանքը կու տայ իր բարեկամներուն համար» (Յովհ ԺԵ. 13)։

Սրբազան Պապը իր նամակին մէջ կը նկատէ, թէ քրիստոնեաներ, որոնք հետեւեցան Յիսուսի հետքերուն եւ վարդապետութեան եւ ազատակամ կերպով իրենց կեանքը նուիրեցին ուրիշներուն համար, արժանի են յատուկ ուշադրութեան։

Կեանքի զոհաբերումը, որ կը բխի սէրէն, ճշմարիտ եւ ամբողջական նմանութիւնն է Քրիստոսի օրինակին։ Ասոր համար մարտիրոսները արժանի են քրիստոնեայ հաւատացեալներու հիացմունքին։

2016ի Սեպտեմբեր 27ին, Սուրբերու Դատի Ժողովը իր լիագումար նիստին որոշած էր որդեգրել որոշ սկզբունքներ այն քրիստոնեաներու երանացման նկատմամբ, որոնք մարտիրոսացած են արեան հեղումով եւ կամ հերոսաբար ապրած են քրիստոնէական առաքինութիւնները։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ իր գրութեան մէջ կը ներկայացնէ հինգ նոր յօդուածներ եւ ապա Սուրբերու Դատի Ժողովի հայող Առաքելական Սահմանադրութեան այն յօդուածները, որոնք փոփոխութեան ենթարկուած են։

Կեանքի զոհաբերումը երանացման եւ սրբադասման գործընթացի նոր պարագայ մը կը ներկայացնէ, սահմանուած մարտիրոսութեան եւ առաքինութիւններու հերոսական ապրումի պարագայով։

Աստուծոյ ծառայի մը կեանքի նուիրումը, որպէսզի ընդունուի իբր վաւեր՝ պէտք է համապատասխանէ հետեւեալ դատանիշերուն՝

ա) կեանքի ազատակամ նուիրում եւ սէրէ մղուած հերոսական ընկալում ստոյգ եւ շուտալուտ մահուան.

բ) առընչութիւն կեանքի նուիրումի եւ կանխահաս մահուան միջեւ.

գ) քրիստոնէական առաքինութիւններու առնուազն սովորական ապրումը, կեանքի նուիրումէն առաջ եւ ապա մինչեւ մահ.

դ) սրբութեան հռչակի եւ նշաններու գոյութիւնը, առնուազն մահէն ետք.

ե) երանացման համար հրաշքի մը անհրաժեշտութիւնը, կատարուած Աստուծոյ Ծառային բարեխօսութեամբ՝ անոր մահէն ետք։

Թեմական մակարդակի վրայ կատարուած հետախուզական աշխատանքները եւ սրբադասման դատի թղթածրարի ներկայացումը կարգաւորուած են 1983ի Divinus perfectionis Magister (Կատարելութեան Աստուածային Վարդապետը) Առաքելական Սահմանադրութեան մէջ։

Սրբադասման Դատի հայող յօդուածները, որոնք փոփոխութեան ենթարկուած են, հետեւեալներն են՝ 1. 2,5. 7,1. 13,2. 6. 7. 10,1°. 10,3°. 15,ա. 15,բ. 19. 32 եւ 36։ Այնտեղ կարգաւորուած են նահատակի կեանքի հետախուզման, թղթածրարի պատրաստութեան եւ սրբադասման ներկայացման գործընթացները եւ իրաւունքները։ Կարգաւորուած է, թէ հրաշքներու քննութիւնը կը կատարուի կեանքի հետախուզումէն անջատ։

Վերջապէս թիւ 36 յօդուածը կʼարգիլէ եկեղեցիներու մէջ կատարել որեւէ ձեւի արարողութիւններ կամ գովաբանութիւններ Աստուծոյ Ծառաներուն համար, որոնց կեանքի սրբութիւնը տակաւին օրինաւոր քննութեան առարկայ է։ Կը յորդորէ նաեւ եկեղեցիներէն դուրս զգուշանալ այդպիսի արարքներէ, որոնք կրնան խաթարել հետախուզական աշխատանքները, որոնք կը կատարէ եպիսկոպոսը։

Ֆրանչիսկոս Պապ կը փակէ Առաքելական Նամակը հրահանգելով՝ «Այն ամէն բան, որ կը հաստատեմ այս Առաքելական Նամակով, տրուած իբր Ինքնաբուխ գիր, կը հրահանգեմ որ պահպանուի իր բոլոր մասերով, հակառակ որեւէ հակասական բանի, եթէ նոյնիսկ դա արժանի է մասնակի նշումի, եւ կը հաստատեմ որ հրապարակուի L’Osservatore Romano օրաթերթի մէջ հրատարակութեամբ, եւ ոյժի մէջ մտնէ հրապարակումի նոյն օրն իսկ, եւ ապա հրատարակուի Acta Apostolica Sedis պարբերականի մէջ։»








All the contents on this site are copyrighted ©.