2017-07-11 10:36:00

ԵԱՀԿ-ի վեհաժողովը յորդորած է կրկնապատկելու Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման ջանքերը


ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովը խորապէս կ՛ափսոսայ, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման մէջ յառաջընթաց չկայ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի 26-րդ նստաշրջանի աւարտին որդեգրուած Մինսքի հռչակագիրին մէջ:

Խորհրդարանական վեհաժողովը մտահոգութիւն յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի շփման գիծին վրայ զինադուլի խախտման վերջին դէպքերու առնչութեամբ:

Փաստաթուղթին մէջ կողմերուն կոչ ուղղուած է` առանց ուշացման առարկայական բանակցութիւններու սկսիլ` տագնապին կարելի եղածին չափ արագ կայուն լուծում գտնելու համար:

ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովը նաեւ Մինսքի խմբակի համանախագահները յորդորած են կրկնապատկելու այդ ուղղութեամբ ի գործ դրուող ջանքերը:








All the contents on this site are copyrighted ©.