2017-07-10 10:58:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հեռագիրը՝ Ւտալիոյ մէջ շէնքի մը փլուզումին ի լուր։


«Ռատիօ Վատիկան»  Ւտալիոյ մէջ «Թորրէ Անունցիաթա» շրջանին մէջ պատահած շէնքի մը փլուզումին ի լուր, որուն  պատճառաւ կան 8 զոհեր ու տասնեակ վիրաւորներ։

Վատիկանի Պետական քարտուղարը՝ Կարդինալ Փիեթռօ Փառոլին, յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Նափոլի թեմի Արքեպիսկոպոս՝ Կարինիալ Քրէշենցիօ Սէփէյին, որուն մէջ  պետքարտուղարը ապահովեցուց Նորին Սրբութեան աղօթքը  ողբերգական  աղէտին  թիրախ  զոհերուն  ընտանեկան պարագաներուն։

''Ֆրանչիսկոս Պապ  Ողորմած Աստուծմէ մխիթարութիւն կը հայցէ վիրաւորներուն  համար ու բոլոր անոնց,  որոնք կը կը սգան իրենց հարազատներուն մահը,  եւ որպէս մօտիկութեան նշան բոլորին կը շնորհէ իր առաելաքական օրհնութիւնը'' գրեց Կարդինալ Փառոլին հեռագիրին մէջ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.