2017-07-10 09:52:00

Սպիտակ տունը յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միջեւ երկխօսութեան սկիզբը


ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի պետական անվտանգութեան հարցերով օգնական Հըրպըրթ Մաքմասթըր լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Համպուրկի մէջ տեղի ունեցած Փութին-Թրամփ հանդիպումը կարելի է նկատել Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միջեւ երկխօսութեան սկիզբ:

Ամերիկացի պաշտօնատարը նաեւ ընդգծած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հանդիպման ընթացքին որեւէ էական հարց չէ լուծուած, եւ կողմերն ալ արդէն այդ սպասումը չունէին. ատիկա երկխօսութեան եւ միացեալ աշխատանքներու ձեռնարկելու սկիզբ է:

Յիշեցնենք, որ Թրամփ եւ Փութին Գերմանիոյ մէջ Քսաններու խմբակի վեհաժողովի ծիրին մէջ ունեցած էին հանդիպում մը եւ քննարկած այնպիսի խնդիրներ, ինչպիսիք են սուրիական տագնապը, Ուքրանիոյ իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններուն Ռուսիոյ ենթադրեալ միջամտութեան հարցը:








All the contents on this site are copyrighted ©.