2017-07-10 10:15:00

Ապատի Մուսուլէն յայտարարեց Իրաքեան ուժերու յաղթանակը


Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի երէկ այցելեց Մուսուլ, ուր զինուորական գործողութիւններու կեդրոնին մէջ շնորհաւորեց իրաքեան ուժերը` անոնց արձանագրած յաղթանակին համար:

Ան այդտեղ ժողով մը գումարեց իրաքեան ուժերու հրամանատարներուն հետ եւ լսեց անոնց ամփոփ զեկուցումը:

Ապատի նաեւ այցելեց Մուսուլի աջ կողմի կարգ մը թաղեր, հանդիպում ունեցաւ տեղւոյն բնակչութեան հետ եւ լսեց քաղաքին ազատագրումէն ետք անոնց դիմագրաւած դժուարութիւնները:

Իրաքի վարչապետը Մուսուլէն յայտարարեց իրաքեան ուժերու յաղթանակն ու վերաշինութեան փուլի սկիզբը:

Իրաքեան ուժերը յայտարարեցին, որ Մուսուլի հին քաղաքի ազատագրութեան ընթացքին սպաննուած են ՏԱՀԵՇ-ի հազար զինեալներ, քանդուած են 65 մեքենաներ եւ 8 փապուղիներ, ինչպէս նաեւ վնասազերծուած` 71 ականուած գօտիներ, 310 ականներ եւ 181 հրթիռներ:

Նինուէ նահանգէն աղբիւր մը իրաքեան լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ ՏԱՀԵՇ ամփոփ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ընդունած է Մուսուլի մէջ իր վերջին դիրքերուն կորուստը:








All the contents on this site are copyrighted ©.