2017-07-08 13:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը. «գաղթակնները մեր եղբայրներն ու քոյրերն են»


«Ռատիօ Վատիկան» Այսօր՝ 8 յուլիս 2017-ին, կը յիշատակուի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին  անցեալ 8 յուլիս 2013-Ւն, Ւտալիոյ Լամփետուզա կղզի կատարած ացելութիւնը՝ ուր Նորին Սրբութիւնը  հանդիպեցաւ, ծովուն ճամբով կղզի հասած անթիւ գաղթականներուն հետ։

Այս առիթով Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակեց թուիթ մը, որուն մէջ դարձեալ դիտել տուաւ, որ գաղթականները մեր եղբայրներն ու քոյրերն են, որոնք իրենց պապենական հողերէն կը հեռանան՝ անօթութեան, պատերազմներու պատճառաւ, աւելի լաւ կեանք մը որոնելու համար։

«Գաղթականները մեր եղբայրներն ու քոյրերն են, որոնք  հեռու աղքատութենէն , անօթութենէն եւ պատերազմներէն՝ աւելի լաւ կեանք մը կը փնտռեն»։ Գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ իր թուիթին մէջ ։   








All the contents on this site are copyrighted ©.