2017-07-08 08:50:00

Փութին-Թրամփ առաջին հանդիպումը


Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Համպուրկի մէջ Քսաններու խմբակի վեհաժողովի ծիրին մէջ ունեցան իրենց առաջին դէմ առ դէմ հանդիպումը, որմէ ետք Փութին յայտնեց. «Երկար զրոյց մը ունեցայ Միացեալ Նահանգներու նախագահին հետ: Քննարկելիք շատ հարցեր ունէինք, ներառեալ Ուքրանիա, Սուրիա եւ այլ հարցեր, ինչպէս նաեւ երկկողմանի հարցեր: Անգամ մը եւս անդրադարձանք ահաբեկչութեան դէմ պայքարին եւ համացանցի անվտանգութեան», նշեց Փութին:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն ընդհանուր առմամբ հաստատեց, որ այդ հարցերն են, որոնք քննարկուած են` նշելով, որ երկու ղեկավարները շատ արագ զիրար հասկցան եւ իրարմէ դրական տպաւորութիւն ստացան:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ երկու նախագահները համաձայնութիւն գոյացուցած են կիրակի օրուընէ սկսեալ զինադադար յայտարարելու Սուրիոյ հարաւ- արեւմուտքը: Սակայն երկու կողմերը անհամաձայն էին, թէ ռուսական կողմէն կայքահէնութեան ամբաստանութիւններուն վերաբերեալ քննարկումները ինչպիսի՛ արդիւնք տուած են:

Լաւրով յայտնեց, որ Թրամփ ընդունած է Փութինի պնդումը, թէ այդ ամբաստանութիւնները ճշմարիտ չեն: Թիլըրսըն նաեւ յայտնեց, որ երկու ղեկավարները իրենց աւելի քան երկու ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին «մեծ» քննարկում ունեցած են, եւ Թրամփ քանի մը առիթով ճնշում բանեցուցած է Փութինի վրայ: Սակայն ան աւելցուց, որ յստակ չէ, թէ երկու երկիրները երբեք կրնա՞ն պատահածին շուրջ համաձայն գտնուիլ:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը նաեւ նշեց, որ իր երկիրը Սուրիոյ մէջ Պաշշար Ասատի ընտանիքին երկարատեւ որեւէ դերակատարութիւն չի տեսներ: «Տակաւին Ասատի հեռացման ձեւը չենք որոշած, սակայն անիկա պիտի պատահի փոխանցման փուլին», նշեց ան:








All the contents on this site are copyrighted ©.