2017-07-08 12:35:00

Լրագրող Էուճէնիօ Սքալֆարիի զրոյցը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ


«Ռատիօ Վատիկան» Իտալիոյ Լա Ռեփուպլիքա օրաթերթի 8 Յուլիս 2017ի թիւին մէջ, 93-ամեայ լրագրող Էուճէնիօ Սքալֆարի հրապարակած է հարցազրոյց մը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ։

Սքալֆարի, որ հանդիպումը կը նկատէ պարզապէս «զրոյց» մը, նախ կը պատմէ Սրբազան Պապի հետ հանդիպման հանգամանքները, եւ ապա կʼանցնի ներկայացնելու Քահանայապետի հայրապետութեան հիմնական բովանդակութիւնը՝ «մի Աստուած, Արարիչ մեր երկրագունդի եւ ամբողջ տիեզերքի»։ Այս եղած է Սրբազան Պապի հետ եղած զրոյցի գլխաւոր նիւթը, կը գրէ Սքալֆարի։ «Մի Աստուած, Արարիչ» սկզբունքը հետեւողականօրէն կʼառաջնորդէ կրօնքներու եւ յատկապէս քրիստոնէական հաւատքի հիմնական կեցուածքին՝ սէր աղքատներուն, տկարներուն, արտաքսուածներուն, հիւանդներուն, խաղաղութեան եւ արդարութեան հանդէպ։

Էուճէնիօ Սքալֆարի կը յիշէ թէ ինք հաւատացող մը չէ, եւ Յիսուս Քրիստոս կը նկատէ պարզապէս մարդ մը եւ ոչ Աստուած, եւ «Քահանայապետը բնականաբար գիտէ այս», կը հաստատէ ան։

Սրբազան Պապը, անդրադառնալով Մեծ Քսանեակի վեհաժողովին, ըսած է Սքալֆարիի՝ «Կը վախնամ, որ բաւականին վտանգաւոր դաշնութիւններ պիտի կազմուին ոյժերու միջեւ, որոնք աշխարհի նկատմամբ ունին խեղաթիւրուած տեսիլք մը – Ամերիկայ եւ Ռուսաստան, Չինաստան եւ Հիւսիսային Քորէա, Փութին եւ Ասատ Սուրիոյ պատերազմին մէջ։» Ապա Սրբազան Հայրը իր մտավախութեան պատճառ կը նկատէ գաղթականութեան խնդիրը։ Ան կը յիշէ եւրոպական երկիրներու կատարած գաղթարարութիւնները, որ թէ´ դրական եւ թէ´ բացասական հետեւանքներ ունեցած են։ Արդ Եւրոպան շատ հարստացած է, եւ այդ է պատճառը, որ գաղթականներ կը դիմեն դէպի Եւրոպա։ Խօսելով Եւրոպայի կառոյցի մասին, Ֆրանչիսկոս Պապ կʼըսէ «Կամ Եւրոպան կը վերածուի դաշնային հասարակութեան մը, եւ կամ ոչ մի արժէք պիտի ունենայ աշխարհի մէջ։»

Սրբազան Քահանայապետը զրոյցի ընթացքին քննդատական կեցուածքով մը կʼանդրադառնայ լրագրողներու գործելակերպին։ Սքալֆարի, Ֆրանչիսկոս Պապի խնդրանքին վրայ, կը թուէ լրագրողներու թերութիւնները ըսելով՝ «կը պատմեն դէպք մը, առանց գիտնալու թէ ինչքանով ճշմարիտ է կամ ոչ. կը կատարեն զրպարտութիւններ. ճշմարտութիւնը կը մեկնաբանեն՝ անհատական կարծիքները գերակշռելով։ Նոյնիսկ աւելի իմաստուն եւ աւելի մասնագէտ անհատի մը կարծիքները առնելով կը վերագրեն իրենց անձին։»

Էուճէնիօ Սքալֆարի Սրբազան Քահանայապետին կը ներկայացնէ Սփինոզա եւ Փասքալ փիլիսոփաներու պարագաները։ Սփինոզա բանադրուած էր եկեղեցւոյ կողմէ։ Սքալֆարի հարց կու տայ, թէ արդեօք Սրբազան Պապը պիտի կարենա՞յ բանադրանքը յետսկոչել։ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ այդ հարցով յստակ պատասխան չի տար։ Իսկ պատասխանելով Սքալֆարիի առաջարկին՝ սրբադասել Փասքալը, որ աղքատ պայմաններու մէջ մահացած էր, Սրբազան Հայրը կը պատասխանէ, թէ համամիտ է այդ առաջարկին, եւ կը խոստանայ այդ ուղղութեամբ գործնական քայլեր առնել։

Ապա Էուճէնիօ Սքալֆարի թուղթի վրայ գծագրելով կը ներկայացնէ «սիւնհոդոսական Եկեղեցին»։ Նախ հորիզոնական գիծով կը ներկայացնէ բոլոր եպիսկոպոսները, զորոնք Սրբազան Պապը կը հաւաքէ սիւնհոդոսի մէջ։ Անոնք բոլորը ունին նոյն տիտղոսը եւ նոյնանման պաշտօն՝ իրենց թեմի հոգիներու խնամքը։ Ապա լրագրողը Սրբազան Քահանայապետը իբր Հռոմի եպիսկոպոս եւ Սիւնհոդոսի գահերեց կը ներկայացնէ հորիզոնական գիծէն վեր իբր ուղղահայեաց գիծ մը – արդ երկու գիծերը կը ներկայացնեն խաչ մը։ Սրբազան Քահանայապետը գոհունակութեամբ կʼարտայայտուի այդ գաղափարին հանդէպ։

Էուճէնիօ Սքալֆարի խոր տպաւորութիւններով հրաժեշտ կʼառնէ Ֆրանչիսկոս Պապէն եւ յօդուածին մէջ կʼաւելցնէ՝ «ասոր նման Քահանայապետ երբեք չենք ունեցած։»

 








All the contents on this site are copyrighted ©.