2017-07-08 12:57:00

Արաբական չորս երկիրները կը խոստանան Քաթարի դէմ նոր միջոցառումներ որդեգրել


Քաթարի հետ իրենց յարաբերութիւնները խզած արաբական չորս երկիրները Քաթարը ամբաստանեցին երկու կողմերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տագնապի լուծման դիւանագիտական ջանքերը ձախողութեան մատնելու յանցանքով:

Սէուտական Արաբիան, Եգիպտոսը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններն ու Պահրէյնը միացեալ յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեցին, որ Քաթարի յամառութիւնը ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն հետ անոր կապերուն տարողութեան արտացոլումն է: Անոնք նշեցին, որ քաթարեան կառավարութեան քաղաքականութեան նպատակը Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի համակարգի քայքայումն է:

Չորս երկիրները յայտարարեցին, որ 13 կէտերէ բաղկացած պահանջները չեղեալ են եւ Քաթարի դէմ նոր միջոցառումներ պիտի որդեգրուին:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Ուաշինկթըն չափազանց մտահոգ է, որ Քաթարի եւ անոր հետ յարաբերութիւնները խզած երկիրներուն միջեւ տարակարծութիւնը մատնուած է անելի, աւելցնելով, որ այդ տագնապը կրնայ երկարատեւ ըլլալ կամ սրիլ:

Միւս կողմէ, հաղորդուեցաւ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն մտադիր է երկուշաբթի օր այցելել Քուէյթ` քննարկելու համար տագնապին լուծման ջանքերը:








All the contents on this site are copyrighted ©.