2017-07-07 13:39:00

Ֆրանչիսկսո Պապի պատգամը «Մեծ Քսանեակի» վեհաժողովին առիթով


(Ռատիօ Վատիկան) «Մեծ Քսանեակի» Վեհաժողովին առիթով, Հինգշաբթի 29 Յունիսին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատգամ մը յղած է վարչապետուհի Անկելա Մերքելին։

Սրբազան Հայրը կը նշէ, թէ պատգամը պատրաստած է Անկելա Մերքելի խնդրանքով, որ ներկայացուցած էր Սրբազան Պապին իր վերջին հանդիպումին առիթով։ Խորհրդածութիւնները, որ Սրբազան Հայրը աշխարհի տնտեսական գլխաւոր նկատուած  երկիրներու պետերուն ուղղած պատգամին մէջ կը բովանդակէ՝ կարեւոր նկատուած են նաեւ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հովիւներու կողմէ։ Այս պատգամով, Ֆրանչիսկոս Պապ կը հետեւի Բենեդիկտոս ԺԶ. Քահանայապետի օրինակին, որ 2009ի Ապրիլ ամսոյն Լոնտոնի մէջ կայացած Մեծ Քսանեակի վեհաժողովին պատգամ մը ուղղած էր։

Ֆրանչիսկոս Պապ գնահատանքի խօսք կʼուղղէ մասնակիցներուն, որոնք ջանք կը թափեն աշխարհի տնտեսութեան մէջ որոշ կայունութիւն մը ստեղծել՝ նկատի առնելով դրամական շուկայի, առեւտուրի եւ հարկային խնդիրները։ Ան դրական կը նկատէ այն պարագան, թէ ներկայ վեհաժողովը յատուկ կերպով նկատի ունի գաղթականութեան խնդիրը։

Սրբազան Հայրը կը յիշեցնէ իր Evangelii gaudium շրջաբերականը, որ կը նկատէ իր հայրապետութեան ծրագիրը, եւ պատգամին մէջ յառաջ կը բերէ այդ ծրագրի սկզբունքային կէտերը՝ «կերտել եղբայրական, արդար եւ խաղաղ ընկերութիւն մը», նշելով, թէ «Ժամանակը աւելի արժէքաւոր է քան տարածքը, միութիւնը աւելի կը կշռէ քան հակամարտութիւնը, իրականութիւնը աւելի կարեւոր է քան գաղափարը եւ ամբողջը գերադաս է մասնակիէն։»

Ապա պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կը մանրամասնէ այս սկզբունքները։ Ան կոչ կʼուղղէ, որ կառավարողները եւ հզօրները լուրջ քայլեր առնեն։ Յատուկ կերպով կը յիշէ Ափրիկէն եւ Եմենը յուզող ողբերգական վիճակը, ուր երեսուն միլիոն մարդու կը պակսի գոյատեւելու ջուրն ու սնունդը։ Կը նկատէ, թէ պատերազմը երբեք լուծում չի կրնար ըլլալ։ Կը յիշեցնէ, հարիւր տարիներ առաջ Բենեդիկտոս ԺԵ. Քահանայապետի խաղաղութեան պատգամը՝ ուղղուած պատերազմող ժողովուրդներուն, եւ կը նկատէ զայն իր սրտին շատ մօտիկ։ Կը խնդրէ, վերջ դնել բազմաթիւ «անպէտ արիւնահեղութիւններուն»։ Ասոր համար, Սրբազան Քահանայապետը կը նկատէ, թէ Մեծ Քսանեակի նպատակը պէտք է ըլլայ՝ տարբերութիւնները խաղաղ կերպով լուծել, եւ սահմանել հասարակաց դրամական եւ առեւտրական կանոններ, որոնք կարելի դարձնեն բոլորին համապարփակ զարգացումը, որպէսզի կարելի ըլլայ հասնիլ 2030 թուականի համար դրուած նպատակին։

Ֆրանչիսկոս Պապ կը մեղադրէ նոր գաղափարախօսութիւնները, ինչպէս շուկայի եւ շահադիտական բացարձակ անկախութիւնը, որ փոխանակած է 20րդ դարու առաջին կէսին կործանիչ գաղափարախօսութիւնները։ Այդպիսի գաղափարախօսութիւնները իրենց ետին կը ձգեն արտաքսումի, վատնումի եւ նոյնիսկ մահուան ցաւալի հետք մը։ Մինչ, վերջին դարու քաղաքական եւ տնտեսական ակնառու յաջողութիւնները միշտ բնորոշուած են առողջ եւ խոհեմ ձեռներիցութեամբ, կը նկատէ Ֆրանչիսկոս Պապ։ Այդ առողջ կեցուածքը մարդ արարածին տուած է առաջնահերթութիւնը եւ ջանք թափած է, հիմնուած անհատի եւ բոլոր քաղաքացիներու վարկին վրայ՝ ներգրաւել եւ իրարու յարմարեցնել զանազան եւ երբեմն հակոտնեայ իրականութիւններ։ Ասոր համար, կը գրէ Սրբազան Հայրը, «կʼաղօթեմ Աստուծոյ, որ Համպուրկի վեհաժողովը, ներշնչուի Եւրոպայի եւ աշխարհի այն պատասխանատուներէն, որոնք երկխօսութեան եւ հասարակաց լուծումներու ձգտումին տուած են առաջնահերթութիւնը, ինչպէս՝ Շուման, Տէ Կասփերի, Ատընաուէր, Մոննէ եւ ուրիշ շատեր։»

Վերջապէս, Սրբազան Հայրը կը նկատէ թէ պէտք չէ ամբողջութիւնը վրիպի մեր ուշադրութենէն։ Ան կը յիշեցնէ, թէ այն պետութիւնները եւ մարդիկ, որոնց ձայնը աշխարհի քաղաքականութեան բեմին վրայ ամենէն թեթեւ կշիռքը ունի, անոնք են, որոնք ամենէն աւելի կը տառապին տնտեսական տագնապի թշուառ հետեւանքներուն տակ, եւ սակայն հազիւ թէ եւ կամ ոչ մի պատասխանատուութիւն ունին այդ տագնապներուն յառաջացման մէջ։ Միաժամանակ, այն բաժինը, որ տնտեսականօրէն միայն 10 տոկոսը կը կազմէ, մարդկութեան այն մասն է, որ ամենէն բարձր կարողականութիւնը ունի բոլորի յառաջդիմութեան նպաստելու։

Պատգամի աւարտին, Սրբազան Պապը կը գրէ՝ «Կը խնդրեմ Աստուծոյ օրհնութիւնը Համպուրկի վեհաժողովին համար, ինչպէս նաեւ միջազգային հասարակութեան ջանքերուն համար՝ կերտելու նոր ժամանակաշրջան մը, որ ըլլայ նորագործական, իրարու մերձաւորութեամբ, հետեւողական, կենսոլորտի հանդէպ բարեացակամ եւ բոլոր ժողովուրդները եւ մարդիկ ներգրաւող զարգացումով։»








All the contents on this site are copyrighted ©.