2017-07-07 12:03:00

Քաթար կը մերժէ ենթարկուիլ արաբական քառեակի պահանջներուն


Քաթար  կրկին կտրուկ կերպով մերժեց ընդառաջել արաբական երկիրներու պահանջներուն: Արդարեւ, Գահիրէի մէջ արաբական չորս երկիրներու` Սէուտական Արաբիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Պահրէյնի եւ Եգիպտոսի ներկայացուցիչները ցաւ յայտնած են Քաթարի կեցուածքին գծով` նշելով, որ Քաթար չ՛ըմբռներ կացութեան լրջութիւնն ու վտանգաւորութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթը։

«Այս մասին լրացուցիչ տեղեկութիւններ կը յայտարարուին խորհրդակցութիւններէն ետք` յարմար առիթին», յայտարարած է Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ապտել Ժուպէյրը: Նշենք, որ Արաբական ծոցի յառաջատար երկիրներու եռեակը` Սէուտական Արաբիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ Պահրէյն ամիս մը առաջ արդէն յայտարարած էին Քաթարի հետ դիւանագիտական կապերու խզման մասին` այս վերջինը մեղադրելով ահաբեկչութեան եւ ծայրայեղականութեան զօրակցութեան ամբաստանութեամբ:

Ըստ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց պաշտօնատարներու, Քաթարի դէմ տնտեսական եւ քաղաքական պատժամիջոցները վերջնական բնոյթ պիտի կրեն վերջնագիրի ժամկէտի աւարտէն ետք, ինչպէս կը հաղորդեն «Պի.Պի.Սի.»-ի աղբիւրներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.