2017-07-07 09:07:00

Հրեայ ծայրայեղականը դատապարտուած է


(Ռատիօ Վատիկան) Երկու տարի առաջ, հրեայ ծայրայեղական մը, կրակի տուած էր Սուրբ Երկրի Թապղայի Բենեդիկտեաններու «Հացերու Բազմացումի» Եկեղեցին, որ կը գտնուի Գենեսարեթ լիճի ափին։ Ըստ աւանդութեան Յիսուս այստեղ կատարaծ էր հացերու եւ ձուկերու բազմացման հրաշքը, կերակրելով 5000 հոգի։ Այժմ 22ամեայ ծայրայեղականը դատապարտուած է Նազարէթի մէջ։ Երկրորդ անձը, որ մասնակցած էր այդ արարքին ազատ արձակուած է։ Ըստ պետական տուեալներու, երկու անձերն ալ կը պատկանին հրէական ծայրայեղական խմբակի մը։ Անոնք հրդեհումի արարքէն մէկ ամիս ետք կալանաւորուած էին։ Դատախազ Աւի Փասթերնաք, վճիռը նկատած է իբր ատեանի դիրքորոշում մը հրէական ահաբեկչութեան դէմ։

Հրդեհը որ կատարուած էր 2015ի Յունիս ամսոյն, ծանրօրէն վնասած էր եկեղեցւոյ բակը եւ հարաւային թեւը. կրօնաւորներէն մին եւ կամաւոր մը ստացած էին ծուխի թեթեւ թունաւորում. պատերուն վրայ գտնուած էին նաեւ հակաքրիստոնէական գրութիւններ։ Հրդեհի վնասները կը հասնին մօտ 1,3 միլիոն եւրոյի եւ վերանորոգումը տեւած է ութ ամիս։

Տարւոյս փետրուար ամսոյն, Իսրայէլի նախագահ Ռոյվէն Ռիվլին ըսած է՝ «Մենք բոլորս հաւասար ենք Աստուծոյ եւ օրէնքի առջեւ։ Մենք կրօնքի ազատութիւնը կ'ընդունինք, որովհետեւ իբր ժողովուրդ շատ լաւ գիտենք, թէ ինչ կը նշանակէ կրօնական հալածանքի ենթարկուիլ։»

Իսրայէլի պետութիւնը վանքի նորոգութեան մասնակցած է 370.000 եւրոյով։








All the contents on this site are copyrighted ©.