2017-07-06 12:19:00

Քաթարի դէմ որդեգրուած միջոցառումները պիտի շարունակուին


Քաթարի հետ իրենց յարաբերութիւնները խզած արաբական չորս պետութիւնները յայտարարեցին, որ այլեւս կարելի չէ աչք փակել Քաթարի խափանարարական դերակատարութեան նկատմամբ` շեշտելով, որ Տոհայի կողմէ ահաբեկչութեան աջակցութեան եւ այլ պետութեանց ներքին հարցերուն միջամտութեան դադրեցումը կարելի չէ յետաձգել:

Սէուտական Արաբիոյ, Եգիպտոսի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարարները Գահիրէի մէջ իրենց ժողովի աւարտին յայտնեցին, որ իրենց պահանջներուն Քաթարի տուած պատասխանը «ցոյց կու տայ, որ Տոհա կացութեան լրջութիւնը չ՛ընկալեր»: Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին Քուէյթի իշխանին` անոր թափած ջանքերուն համար, եւ ցաւ յայտնեցին Տոհայի տուած պատասխանին համար: Անոնք համաձայնութիւն գոյացուցին կացութեան հետեւելու եւ իրենց յաջորդ ժողովը գումարելու Պահրէյնի մայրաքաղաք Մանամայի մէջ:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի ժողովէն ետք չորս պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ քննարկած են «Քաթարի ժխտական պատասխանին» բոլոր կողմերը` նշելով, որ այդ պատասխանը սնամէջ է: Ան աւելցուց, որ իր երկիրը պիտի չտատամսի դէմ դնելու ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն եւ բոլոր անոնց, որոնք այդ կազմակերպութիւններուն կ’աջակցին, եւ անհրաժեշտ է այդ պայքարին մէջ ըլլալ վճռական:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյր յայտնեց, որ Քաթարի դէմ որդեգրուած միջոցառումները պիտի շարունակուին, մինչեւ որ վերջինս փոխէ իր քաղաքականութիւնը, «եւ ապագայ միջոցառումներուն շուրջ կը խորհրդակցինք»: Խօսելով Թուրքիոյ մասին` սէուտական դիւանագիտութեան պետը յոյս յայտնեց, որ այդ երկիրը չէզոք մնայ:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ եւ քաթարեան տագնապին առնչակից բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց` ներկայ կացութեան լուծման համար շինիչ բանակցութիւններ կատարելու:

 

Սպիտակ տունը հաղորդեց, որ Թրամփ շեշտած է, թէ բոլոր երկիրները պէտք է տէր կանգնին Ռիատի վեհաժողովին մէջ իրենց ստանձնած «ահաբեկչութեան ֆինանսաւորումը դադրեցնելու եւ ծայրայեղական գաղափարախօսութեան հիմերը հարուածելու» յանձնառութիւններուն: Թրամփ իր զրոյցին ընթացքին երկրորդ անգամ շեշտած է, որ երկիրները պէտք է դադրեցնեն ահաբեկչութեան ֆինանսաւորումը:

 

Եգիպտոսի նախագահական պալատը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով իր կարգին յայտնեց, որ Սիսի Թրամփի հետ քննարկած է «Քաթարի նկատմամբ Եգիպտոսի ու Ծոցի երկիրներուն կեցուածքը» եւ շեշտած ահաբեկչութեան դէմ դնելու, անոր ֆինանսաւորումը դադրեցնելու եւ ահաբեկչական գաղափարախօսութեան հիմերը հարուածելու ջանքերը շարունակելու կարեւորութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.