2017-07-06 08:35:00

Յետադարձ ակնարկ համայն Օրթոտոքս եկեղեցիներու ժողովին վրայ


(Ռատիօ Վատիկան) Գերմանիոյ Օրթոտոքսներու Մետրապոլիտ Օգոստինոս, նախորդ տարւոյն Յունիսին մասնակցած է համայն օրթոտոքս Եկեղեցիներու ժողովին Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան իբր պատգամաւոր։ Ժողովէն տարի մը ետք, յետադարձ ակնարկ մը տալով, մետրապոլիտը հարցազրոյցի մը մէջ խօսած է այդ ժողովի մասին։

Համայն Օրթոտոքս Եկեղեցիներու ժողովը պատրաստուած էր տասնեակ տարիներով եւ ութերորդ դարէն ետք առաջին անգամն էր որ Օրթոտոքս Եկեղեցիները կը հաւաքուէին։ Միայն չորս Եկեղեցիներ իրենց պատուիրակութիւնները չէին ուղարկած։

Մետրապոլիտ Օգոստինոս մեծ դրուատիքով խօսած է Տիեզերական Պատրիարք Բարթողիմէոսի մասին, որ հակառակ շատ մը դժուարութիւններու յաջողցուցած էր այդ ժողովը։ Դժուարութիւններէն մին էր չորս Օրթոտոքս Եկեղեցիներու հեռու մնալը։ Ըստ Մետրապոլիտ Օգոստինոսի հեռու մնալու պատճառը աստուածաբանական չէ այլ պարզապէս ազգային եւ քաղաքական։ Ան նկատած է, թէ այդ պարագան վնասած է եւ պիտի շարունակէ վնասել Օրթոտոքս Եկեղեցիներուն։

Օրթոտոքս Եկեղեցիներուն համար սփիւրքը կը ներկայացնէ այլ խնդիր մը։ Ըստ կանոնական կարգաւորութեան աշխարհագրական որոշ տարածքի մը վրայ միայն մէկ օրթոտոքս եպիսկոպոս կրնայ անուանուիլ։ Սակայն Օրթոտոքս Եկեղցիները որոշած են սփիւռքի մէջ ժամանակաւոր կերպով միայն կազմել եպիսկոպոսական ժողովներ։ Արդէն այդպիսի կառոյցներ կազմուած են, ուր աշխատանքը կը կատարուի համերաշխութեամբ։ Մետրապոլիտ Օգոստինոս մանրամասնելով եպիսկոպոսական ժողովներու կառոյցը եւ գործունէութիւնը, նկատած է, թէ անոնք ապագային ալ պիտի շարունակեն գործել, եւ զանոնք նկատած է իբր «օրհնաբեր»։

Խօսելով յատկապէս Գերմանիոյ Օրթոտոքս Եկեղեցիներու մասին, Մետրապոլիտը յիշեցուցած է թէ այնտեղ մեծ աշխատանք կը տարուի նաեւ համամիութենականութեան ի նպաստ։ Նկատած է, թէ համամիութենականութիւնը կը սկսի համայնքներու բարի դրաձնութեամբ, ուր փոխադարձ վստահութիւն կը տիրէ։ Օրթոտոքս Եկեղեցին, կը քաջալերէ համամիութենականութիւնը, որ Քրեթայի ժողովի կէտերէն մին եղած է։

Մետրապոլիտ Օգոստինոս խօսելով Ժողովի տուած ուղղութեան եւ որոշումներու կիրարկման եւ անոր ապագայի վրայ ունեցած ազդեցութեան մասին ըսած է, թէ ժողովը  գրեթէ ամբողջ հարիւրամեակ մը պատրաստութիւն ունեցած է, հետեւաբար անոր արդիւնքը չի կրնար քանի տարուան մէջ սպառիչ կերպով կիրարկուիլ։

Վերջապէս, Մետրապոլիտ Օգոստինոս ըսած է, թէ համոզուած է, թէ յաջորդ ժողովին բոլոր Օրթոտոքս եկեղեցիները իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն։ Ան յոյս յայտնած է, թէ ըստ Քրեթայի ժողովի յորդորին, ապգային  կարելի պիտի ըլլայ Համայն Օրթոտոքս Եկեղեցիներու ժողովները կազմակերպել պարբերաբար։








All the contents on this site are copyrighted ©.