2017-07-06 11:52:00

Լոյս տեսաւ Փանամայի մէջ կայանալիք երիտասարդներու համաշխարհային հաւաքի քայլերգը։


(Ռատիօ Վատիկան) Լոյս տեսաւ 2019-ին Փանամայի մէջ կայանալիք երիտասարդներու համաշխարհային հաւաքին քայլերգը,  ունենալով որպէս սկիզբ  Ղուկաս Աւետարանէն քաղուած  Տիրամօր խօսքը ՝՝Ես Տիրոջ աղախինն եմ, թող ամէն բան ըլլայ ինծի քու խօսքիդ համաձայն՝՝

Քայլերգի ներկայացումը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի,3 յուլիսին,Կեդրոնական Ամերկիոյ քաղաքին մէջ ի ներկայութեամբ հազարաւոր երիտասարդներուն, չափահասներուն, եւ կղերի դասի պատկան անթիւ  աշխարհականներու ու կրօնաւորներուն։

Փանամայի արքեպիսկոպոս Գերապայծառ Տոմինկի Մետիեթա  խօսելով քայլերգին մէջ մասին յայտնեց, թէ անիկա  արտայայտութիւնն է այն առաքելութեան, որուն կանչուած են  որպէս առաքեալներ  հետեւելով Տիրամօր տիպարին։ ։

Քայլերգին հեղինակն է ՝՝Յարուցեալ Քրիստոս՝՝ ժողովրդապետութեան կրօնուսուցիչ տիար՝ Ապտիել Ժիմենեզ, որ յօրինած է արդէն անթիւ եկեղեցական երգեր,։

Քայլերգի բառերը  յորդոր մըն է  ուղղուած  երիտասարդներուն իրենց կեանքը ապրելու՝ Տիրամօր օրինակին հետեւելով  եւ միշտ պատրաստ գտնուելու ՝դուրս ելլելուշ նման Տիրամօր ։

Նշենք ,թէ  Ֆրանչիսկոս Պապ 2016 թուականին, Քրաքովիայի մէջ կայացած երիտասարդներու համաշխարհային հաւաքին աւարտին ինք հռչակեց  երիտասարդներու յառաջիկայ համաշխարհային վայրն ու թուականը որ տեղի պիտի ունենայ Փանամայի մէջ 22-է 27 յունուար 2019-նին, ունենալով որպէս նիւթ Ղուկաս  աւետարանի գլուխ Ա թիւ  38 յամառը ։ Ես Տիրոջ աղախինն եմ, թող ամէն բան ըլլայ ինծի քու խօսքիդ համաձայն։








All the contents on this site are copyrighted ©.